ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Օրեր առաջ կազմակերպուեցաւ ՀՅԴ պահեստազօրայիններու գումարտակի հերթական հաւաքը, որուն մասնակցեցան կամաւորականներ եւ պահեստազօրայիններ Հայաստանի բոլոր մարզերէն ու Երեւանէն: Անոնց պատրաստուածութեան աստիճանը եւ կազմակերպուածութիւնը ստուգեցին նաեւ զինուած ուժերու հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները:
Յիշեցնենք, որ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ալ, ինչպէս 90ականներուն, դաշնակցականները մասնակցեցան հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Գումարտակը ձեւաւորուած էր այդ Ապրիլեան պատերազմէն ետք՝ Շուշիի առանձին գումարտակի վեթերաններու կազմի հիման վրայ: