
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու յանձնաժողովը (USCIRF) դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի թեկնածուներու հարցով հայութեան վրայ սահմանափակումներ պարտադրելուն համար:
Յանձնաժողովի ղեկավար Թոնի Փըրքինզ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հոգեւոր առաջնորդներու ընտրական գործընթացին մէջ անարդար պայմաններ դրած է, միջամուխ դառնալով կրօնական համայնքի մը ներքին գործերուն: Ան կոչ ըրաւ ամերիկացի քաղաքական գործիչներուն, որ լրջութեամբ մօտենան Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին՝ Անգարայի իշխանութիւններուն միջամտութեանց:
Իր կարգին, յանձնաժողովի փոխնախագահ Կէյլ Մենշին ըսաւ. «Այս վերջին միջամտութիւնը մաս կը կազմէ այն միջամտութիւններուն, որոնց իբրեւ հետեւաք՝ հայկական եկեղեցին գրեթէ 12 տարիէ ի վեր զրկուած է ազատօրէն հոգեւոր առաջնորդ մը ընտրելու իրաւունքէն»: