ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէն ինչին չափաւորը լաւ է: Ահա այն թանկագին եւ լաւ խրատներէն մէկը, զոր որքան սիրով ու գուրգուրանքով իրարու կը նուիրենք: Շատեր այս խրատին ձրի ըլլալը շատ կը սիրեն եւ ըստ այնմ ալ կ՛առատաձեռնեն: Ընդհանրապէս խրատները կը սիրենք առատութեամբ բաշխել, մանաւանդ երբ այնպէս թուի, որ մեզի հետ կապ չունին անոնք: Սակայն, բոլոր խրատներն ալ այսօր կամ վաղը մեզի ալ պէտք պիտի ըլլան, որովհետեւ ֆիզիքապէս ապրած մեր կեանքին համար բոլոր խրատներն ալ անհրաժեշտ են, իսկ հանդերձեալին համար Աստուածաշունչին միջոցաւ տրուածները՝ վախճանաբանական բնոյթ ունին եւ դարձեալ անհրաժեշտ են:
Ֆիզիքական մեր կեանքը կը յատկանշուի նաեւ ցաւերով: Մտային կամ հոգեկան ցաւերէն աւելի իրական եւ «շօշափելի» են ֆիզիքական ցաւերը: Հիւանդութիւններ կամ ֆիզիքական անհանգստութիւններ յաճախ պատճառ կը հանդիսանան, որ խրատները շրջանառութեան դրուին: Նոյն հիւանդութեամբ տառապածներ կամ տառապողներ առնուազն իրենց փորձառութիւնը համեստօրէն կը բաժնեն, տառապողին ներկայացնելով գէթ այն դրութիւնը, որուն մատնուած էին իրենց հիւանդութեան օրերուն: Սակայն անոնք, որոնք նման հիւանդութիւն չեն ունեցած, հիւանդին շատ աւելի խրատ կու տան, քան անոր անձնական բժիշկը: Այս խրատներուն մէջէն ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն գտածը չափաւորութեան մասին տրուած խրատն է: Սոյն խրատը հեղինակաւոր շեշտով տուողները այնպէս կը ձեւացնեն, որ իրենք ճիշդ այդ չափաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ կիրարկողներն են: Մինչդեռ, հաւանաբար անոնք նոյնիսկ գաղափար իսկ չունին տուեալ հիւանդութենէն ձերբազատուելու միջոցներուն մասին եւ պարզապէս խրատ մը տալու համար, կ՛ընտրեն չափաւորութիւն թելադրելու տարբերակը:
Մոլութիւնները դէպի հիւանդութիւն եւ նոյնիսկ մինչեւ մահ առաջնորդող մութ ճանապարհներ են, ուրկէ մարդիկ հաճոյքով կ՛անցնին երբեմն: Բոլորիս ալ յայտնի է, որ մութ վայրերու մէջ քալողներ կը խարխափեն, բանի մը չզարնուելու համար: Սակայն մոլութիւններու մէջ ինկած մարդիկ այնքան հանգիստ կ՛անցնին մթութեան մէջէն, այնքան ինքնավստահ քայլերով, որ նոյնիսկ իրենց ձեռքերը առջեւ մեկնելով ճանապարհին անվտանգ ըլլալը ստուգելու կարիքը չեն զգար…
Եկեղեցին եօթ մոլութիւններ կը նշէ իր «Մեղայ« (մեղանչեցի) վերտառութեամբ բնագիրին մէջ, սակայն այնտեղ նշուածները խտացումն են անհաշիւ մեղքերու, որոնց վերնագիրները միայն կարելի է համարել այդ եօթն: Օրինակ այնտեղ նշուած «նախանձ»ը եթէ միայն իր սահմաններուն մէջ մնայ, ինքնակործան կը դառնայ: Այսինքն նախանձողը ինք իր անձին միայն կը վնասէ, ներքնապէս տառապելով: Սակայն նախանձը ուրիշ շատ մեղքերու կ՛առաջնորդէ: Ատիկա մինչեւ իսկ կրնայ սպանութիւն կատարելու խորհուրդ տալ նախանձողին եւ անոր ձեռքով ալ իրագործել ոճիրը:
Մոլութիւններու շարքին եթէ յիշուած չէ՛ ծխախոտի գործածութիւնը, այդ չի՛ նշանակեր թէ ծխելը մեղք չէ՛: Նախ պէտք է սահմանել մեղք հասկացութիւնը կամ գաղափարը: Մեղքը Աստուծոյ, մեր նմանին եւ մեր անձին դէմ գործուած յանցանքն է: Երբեք արդարանալի չէ՛ այն առարկութիւնը, թէ անհատը ազատ է իր անձին հետ վարուելու ի՛ր ուզած ձեւով: Ո՛չ: Քրիստոնէական կրօնքը չի՛ թոյլատրեր նման վերաբերում, որովհետեւ ըստ Նոր Կտակարանի ուսուցման, մեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին: Ուրեմն, մեր ուզած վերաբերումը չենք կրնար ցուցաբերել մեր մարմինին նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ անիկա մեր «սեփականութիւն»ը համարենք: Ընդհակառակը, պէտք է այնպէս վարուիլ անոր հետ, որ աւելի բիւրեղանայ ու կատարելագործուի, իսկական բնակարանը դառնալով Սուրբ Հոգիին: Մոլութիւնները պատճառ կը դառնան, որ մեր մէջէն սրբութիւնը կը հեռանայ, պղծելով մեր հոգին եւ փճացնելով մեր մարմինը: Շատե՜ր գիտակցութեան եկեր են եւ իրենց մարմինին արժէքը իմացեր, երբ արդէն առողջութիւնը վերագտնելու կամուրջները բոլոր այրած են:
Չափաւորութեան մէջ կ՛երեւի նաեւ ներդաշնակութիւն: Չափաւորութեամբ կեանքը կը դառնայ գեղեցիկ, օրէնքը՝ ազդու, սէրը՝ անկեղծ, յարգանքը՝ փոխադարձ եւ ի վերջոյ հաճոյքը՝ վայելք: Ուրեմն այս գեղեցիկ երեւոյթը՝ չափաւորութիւնը, կարելի է կոչել կեանքի կշիռքը, որ գիտէ սահմանագծումներ դնել առանց որեւէ մէկուն ինքզինք պարտադրելու, գիտէ օրէնք հաստատել առանց բռնութեան եւ մանաւանդ իր ներկայութիւնը փաստել ամենայն ազնուութեամբ:
Չափաւորութիւնը այն հաճելի միջինն է կամ կեդրոնը, որ ո՛չ ոքի նեղութիւն կու տայ: Իմաստուն ծերունին՝ բարեկամս, միշտ կը խրատէր չափաւոր ըլլալ ամէն ինչի մէջ, հետեւեալ բացատրութիւնը աւելցնելով իր խրատին.
«Չափաւորութիւնը թէ՛ բարեկամիդ եւ թէ թշնամիիդ համար լաւ է»:
Ընկերական, բարեկամական փոխյարաբերութեանց մասին իր տեսակէտն էր այս: «Ունեցի՛ր ընկերներ եւ բարեկամներ», կ՛ըսէր ան՝ աւելցնելով «Սակայն այնքան չափաւոր եղիր, որ երբեք չզղջաս ստեղծած մտերմութեանդ համար: Այսօրուան բարեկամդ, վաղը կրնայ թշնամիդ դառնալ»:
Մեծ իմաստութիւն կայ թաքնուած այս պարզ բառերով կազմուած նախադասութեան մէջ, զոր իբրեւ խրատ լսած եմ յաճախ: Ուրեմն, միջին չափաւորութիւն պահելը, ո՛չ թշնամիդ աւելի ոխերիմ կը դարձնէ, ո՛չ ալ բարեկամդ կը շփացնէ…
– Ո՞վ կրնայ գտնել միջին չափաւորութիւնը:
– Խոհեմ մարդը, որ գիտէ կշիռքի երկու նժարներուն վրայ իր մատներու թեթեւակի եւ իմաստուն հպումով հաւասարակշռել անոնց մէջ գտնուող ծանրութիւնը: Տեսնուած է, որ ապրանք կշռողը երբեմն նժարին մէկ կողմը փոքր քարի կտոր մը, կամ երկաթեայ շիւղ մը կը դնէ կշռաքարերու կողքին, հաւասարութիւնը ապահովելու համար: Նոյնը չե՞նք ըներ միթէ մենք, երբ քաղաքակիրթ մօտեցում ուզենք ցուցաբերել կեանքի ամէնէն դժուարին պարագաներուն: Այլ լուծում կարելի է գտնել անշուշտ, արմատական վերաբերում ցուցաբերելով թէ՛ թշնամիին եւ թէ բարեկամին հանդէպ, երբ անոնք փորձեն վնաս հասցնել մեզի: Սակայն կրթուած մարդուն մօտեցումը պէտք է տարբերի միւս ձեւի մօտեցումէն: Ի՞նչ է արդեօք այդ հաւասարակշռուած մօտեցումը, եթէ ոչ՝ միջին չափաւորութիւնը, որուն նուիրուած է այս գրութիւնը:
Թշնամին՝ թշնամի է, որուն հետ մեր հեռաւորութեան տարածութիւնը որքան շատ ըլլայ՝ այնքան լաւ կ՛ըլլայ մեզի համար: Այսպէս կը մտածէ մարդկութեան իննըսուն ինը տոկոսը, մոռնալով որ կրնայ օր մը հաշտութիւն գոյանալ եւ կամուրջներ հաստատուիլ մէկ կողմէն միւսը: Ընկերը՝ ընկեր է, անիկա հաւատարիմ է ու սրտակից: Այսպէս կը մտածէ մարդկութեան գէթ կէսը: Սակայն մարդիկ տեսած կամ լսած են, թէ ինչպէ՛ս երբեմն հաւատարիմ ընկերներ դաւաճաներ են իրարու, անկէ ետք ոխերիմ թշնամիներ դառնալով իրարու: Ուրեմն, այդ մտերմութիւնը, որ ստեղծուեր էր անոնց միջեւ, յանկարծ կերպարանափոխուեցաւ եւ դարձաւ հակառակութիւն, իսկ սէրը, որ ծաղկած էր ու յաւերժական կը թուէր ըլլալ՝ դարձաւ ատելութիւն ու ոխ…
Չափաւորութիւնը կեանքի համն է նաեւ: Ամէնէն մտերիմ անձիդ հետ նոյնիսկ եթէ չգիտնաս չափաւորութիւն պահել, օր մը չափաւորութիւնը ի՛նք պիտի ծանօթացնէ ինքզինք քեզի, ծիծաղելով անցեալին կատարած յիմարութիւններուդ վրայ, իսկ միւս կողմէ իր բարի խորհուրդներով քեզի ուղեկցելու առաջարկ ներկայացնելով: