ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեայ յոբելեանին առիթով հրատարակուած են գրողին կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող շարք մը գիրքեր, օտար լեզուներու թարգմանուած են անոր հեքիաթները, քառեակները:
21 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Թումանեանի նուիրուած գիտաժողովի բացում Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ մէջ, ուր նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ կայացած նախաձեռնութիւններուն։
«Յովհաննէս Թումանեանն ամենասիրուած ու ընթերցուած գրողներից է: Թումանեանի երազանքն էր՝ Հայաստանն ունենայ ակադեմիա, որի ստեղծման համար նա ջանքեր էր գործադրում անգամ ամենակրիտիկական տարիներին: Խորհրդանշական է, որ ՀՀ գիտութիւնների ազգային ակադեմիան իր կարեւոր աւանդը պէտք է բերէր մեր երկրի զարգացմանը», ըսաւ ակադեմիոյ նախագահ, ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան:
Ան շեշտեց, որ գիտաժողովի մասնակիցները պիտի ներկայացնեն 71 զեկոյց՝ անդրադառնալով Թումանեանի ստեղծագործութիւններու պատմագիտութեան, ազգագրութեան, արուեստաբանութեան ու լեզուաբանութեան տեսանկիւններուն։
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Երանուհի Մարգարեան յիշեցուց, որ Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150ամեայ յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ: Անոր համաձայն՝ կարեւոր է քանի մը օր առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փարիզի կեդրոնակայանին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեակին նուիրուած «Զրոյց ժամանակի հոլովոյթին մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսը: «Կարեւոր ձեռքբերում է մեծանուն մտաւորականի կեանքին ու գործունէութեանը նուիրուած հիմնարար գիտական աշխատութիւնների հրատարակումը: Այս համատեքստում լուրջ հետազօտութիւններ է անցկացրել ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտը, որն առաջարկել էր հրատարակման «Յովհաննէս Թումանեանի Կեանքի, Ստեղծագործութեան Տարեգրութիւնը 1920-23 Թուականներ» գրքի չորրորդ ու «Թումանեանի Ժամանակի Գրաքննադատական Մտքի Գնահատութեամբ» գրքի առաջին հատորները, որոնց հրատարակմանն աջակցում է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորի նախարարութիւնը», ընդգծեց Մարգարեան։
Գիտական նստաշրջանը պիտի շարունակէ աշխատանքը մինչեւ Հոկտեմբեր 25։