ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ներկայացուցիչները 21-23 Հոկտեմբերին չյայտարարուած այցելութիւններ տուին Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ տեղակայուած՝ երկու բանակային ջոկատներու ենթակայութեան զօրամասեր, ինչպէս նաեւ զինուորական հիւանդանոց:
Անոնք յայտնեցին, որ այցելութեան ընթացքին ուսումնասիրած են տրամադրուող բժշկական օգնութեան, կարգապահութեան, սնունդի, ինչպէս նաեւ ծառայութեան առնչուող այլ հարցեր: Պաշտպանի ներկայացուցիչները առանձին զրոյցներ ունեցան սպայական, ենթասպայական եւ շարքային կազմի զինուորներուն հետ, ծանօթացան զօրամասի անձնակազմը յուզող խնդիրներուն:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է սահմանափակումով ծառայութիւն կատարող զինուորներու ծառայութեան պայմաններուն եւ անոնց կողմէ բարձրացուած խնդիրներուն:
Սիսիանի զինուորական հիւանդանոցի ղեկավար կազմին հետ քննարկուեցան բժշկական անձնակազմի համալրուածութեան, զինուորներու հետազօտութիւններու եւ բուժման կազմակերպման վերաբերող հարցեր։ Իբրեւ արդիւնք արձանագրուած է, որ Սիսիանի զինուորական հիւանդանոցը կը գործէ բաւական ծանրաբեռնուած դրութեամբ, ինչը նաեւ պայմանաւորուած է պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքներով:
Պաշտպանի ներկայացուցիչները զրուցած են նաեւ հիւանդանոցը գտնուող շարքային կազմի պարտադիր ժամկէտային զինուորներու հետ, անդրադարձ կատարուած է անոնց հարցերուն, կարգավիճակին եւ պահանջներուն։
Պաշտպանի աշխատակազմը ամփոփած է մշտադիտարկման այցելութեան ընթացքին արձանագրուած տուեալները, որուն արդիւնքներով՝ համապատասխան գրութիւններով, պիտի հասցէագրուին պաշտպանութեան նախարարութիւն: