1915ին սկսած եւ ցարդ շարունակուող արկածի մը հետքերուն կը հետեւի Վարդօն: Առաջին Համաշխարհայինի աղէտալի սեւ օրերուն, Արեւմտեան Հայաստանի արեւելքը, գիւղի մը մէջ, քոյր եւ եղբայր Մարիամին եւ Վարդոյին ճամբան կը խաչաձեւուի անծանօթի մը՝ Հասանին հետ: Անոնց ընտանիքը «աքսոր» կոչուած մահուան ճանապարհորդութեան մը ուղարկուած են, եւ Հասանին մահամերձ հայրը իր զաւկէն կը խնդրէ, որ Մարիամն ու Վարդօն հասցնէ ապահով ապաստարան մը:
Այն օրերուն, երբ հայերուն կալուածները եւ իրերը կը կողոպտուէին ու իրենց կեանքը ղրուշ մը իսկ չէր արժեր, Հասան իմաստ մը չի կրնար վերագրել հօր համարձակ պահանջին եւ ակամայ կը ձեռնարկէ այդ վտանգներով լեցուն ուղեւորութեան, որուն ընթացքին կը տարուբերի բարկութեան ու ողորմութեան զգացումներու միջեւ:
Ընթերցողը, մինչ կը թերթէ անակնկալ զարգացումներու շնորհիւ միշտ հետաքրքրութեամբ ընթացող էջերը, շնչասպառ կը հետեւի նաեւ ճակատագրակից այս երրեակի պատմութեան, որ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը՝ դուրս ելլելով Թուրքիոյ սահմաններէն:
«Վարդօ»ի համահեղինակներն են՝ Կորիւն Ափրիկեան եւ Ժան-Պլեզ Ճիան. նկարազարդումը կատարած է Ստեփան Թորոսեան. ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Թովմաս Թէրզեան:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»