Աշխատանքային այցելութեանբ Ճափոն գտնուած օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ հանդիպեցաւ Ճափոնի փոքրաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախագահ Սարգսեան նախ հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչո՛վ կը զբաղին անոնք, ապա համառօտ կերպով տեղեկացուց այցելութեան ընթացքին ունեցած իր հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մասին: Ան յայտնեց, որ իրական հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի հանդէպ, եւ շատ իրատեսական զրոյցներ ունեցաւ: Ըստ նախագահին՝ համագործակցութեան ուղղութիւնները շատ յստակ են՝ նորագոյն արհեստագիտութիւններ, արտակարգ իրավիճակներ, առեւտրական գործարքներ ու արտածում եւ անվտանգութիւն: «Նաեւ, իրենցմէ սորվելու շատ բան ունինք պետական ծառայութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ այն կարգապահութիւնը եւ նուիրուածութիւնը, զորս այս մարդիկը ունին, իսկապէս, հիացում կը յառաջացնէ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան պատասխանեց համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն:
Նշենք, թէ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, Սարգսեան այցելեց նաեւ Ճափոնի հնագոյն քաղաքներէն Քամաքուրա, դիտեց Ամիտա Մեծ Պուտտայի հսկայական պրոնզէ արձանը, այցելեց Հոքուքօ Ժի տաճարը, որ յայտնի է իր պամպիի անտառով, մասնակցեցաւ ճափոնական աւանդական թէյի արարողութեան:
Նախագահ Սարգսեան եւ անոր կինը այցելեցին նաեւ Ճափոնի յայտնի սրբավայրերէն «Ցուրուկաուքա Հաշիմանկու» սինտոյական տաճարը, որ հիմնադրուած է տասնմէկերորդ դարուն: Այնտեղ արտասանուեցաւ Հայաստանի եւ Ճափոնի բարեկամութեան նուիրուած աղօթք մը: