Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան հաստատման եւ արդարութեան վերականգման նպաստող HR 269 բանաձեւը ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունելուն առիթով:
Երկար ուշացումէ ետք, այս բանաձեւին ընդունումը մէկ անգամ ընդ միշտ պիտի ճշդէ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ եւ, վստահաբար, պիտի քաջալերէ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին ուսուցումը՝ իբրեւ պատմական իրողութիւն եւ կանխարգիլէ զայն հերքելու որեւէ փորձ:
Պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան վերահաստատման այս իրագործումին մէջ, Կեդրոնական կոմիտէն մեծապէս կը գնահատէ Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական գրասենեակին, Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջանային եւ տեղական յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջ բոլորուած համակիր շրջանակներու առաւել քան 40 տարիներու վրայ երկարող անխոնջ ու նուիրեալ աշխատանքը, որ իրականութիւն դարձուց Հայ Դատի այս յաղթանակը:
Ինչպէս Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժին, Արցախի ազատագրական պայքարին եւ անկախութեան հաստատման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման պարագաներուն, այսօրուան յաղթանակը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ մեր համայնքի զաւակները կրնան համատեղուիլ եւ բարձրացնել իրենց արդարութեան պահանջատէրի միահամուռ ձայնը, իրականութիւն դարձնելու համար Հայ Դատի պայքարի ճամբուն վրայ նման նուաճումներ:
Թո՛ղ այս յաղթանակի ցնծութեամբ՝ վերանորոգենք մեր պահանջատիրական ոգին եւ վերահաստատենք մեր վճռակամութիւնը՝ շարունակելու եւ յարատեւ մնալու մեր պայքարի ուղիին վրայ, մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ