ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլան 29 Հոկտեմբերին անդրադարձաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 96րդ տարեդարձին, շնորհաւորելու փոխարէն քննադատելով Թուրքիան:
«Հանրապետութեան տօնին առաւօտուն, Ճիզրէի քաղաքապետարանին մէջ պաշտօնակատար մը եւս նշանակուած է: Այլ խօսքերու կարիք չկայ: 96 տարի ետք ալ այն, ինչը ունինք ազգայնամոլ Հանրապետութիւնն է: Եկէք զայն չնշենք», կը գրէ Փայլան:
Նշենք, թէ Թուրքիոյ մէջ վերջին քանի մը ամիսներուն հիմնականին մէջ քրտական բնակչութիւն ունեցող քաղաքներուն մէջ ընտրուած քիւրտ քաղաքապետները կը հեռացուին իրենց պաշտօններէն եւ կը նշանակուին Անգարայի կամակատար կառավարիչներ։
Միւս կողմէ, «Մարմարա»ն կը հաղորդէ, որ Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ անգամ մը եւս թիրախ դարձուց երեսփոխան Փայլանը: Այս անգամ Կիւլպէյ հայազգի քաղաքական գործիչը կը մեղադրէ դաւաճանութեամբ: Ան կը յիշեցնէ Փայլանի՝ Օգոստոսին Արժանթին կատարած այցելութիւնը եւ կը նշէ, որ Փայլան, այցելելով Արժանթինի մէջ հայկական Հնչակեան կուսակցութեան գրասենեակը՝ դաւաճանած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր ըրած երեսփոխանական երդումին: Ըստ Կիւլպէյի՝ Հնչակեան կուսակցութեան անդամներու ձեռամբ է, որ սպաննուած էին տասնեակներով թուրք դիւանագէտներ: «Փայլան ամէն առիթով կը խօսի կարծեցեալ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ու կը նուաստացնէ իսլամ թուրք ժողովուրդը: Արժանթին այցելութիւնները եւ հոն ունեցած հանդիպումները անհանդուրժելի են: Ան խորհրդարանի ամպիոնէն երդում ըրած էր պաշտպանելու ու հաւատարիմ մնալու Թուրքիոյ ժողովուրդի շահերուն», յայտնեց Կիւլպէյ: