ԱՆԳԱՐԱ, ՀԱԼԷՊ, «Ռոյթըրզ», «Գանձասար».- Սուրիոյ պետական լրատուական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, հիւսիսային Սուրիոյ Ռաս ուլ Այն քաղաքին մօտերը, զինեալ ընդհարում մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ բանակայններու միջեւ։ Բախունին մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ զինակից ահաբեկիչներ։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ քաղաքին հարաւ-արեւմտեան Մապրուքէ աւանին մէջ, սուրիական բանակը պաշարած է թիւրքմեններու «Սուլթան Մուրատ» զինեալ խմբաւորումէն 150 ահաբեկիչներ, որոնք թրքական բանակին կողքին կը պատերազմէին Ռաս ուլ Այնի մէջ:
Աղբիւրի մը համաձայն՝ անոնք Ռաս ուլ Այնի բնակարանները եւ բնակիչներուն ունեցուածքը թալանած եւ այլ ոճիրներ գործած են:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող քարիւղի հանքերը պէտք է ըլլան սուրիական կառավարութեան վերահսկողութեան տակ, անուղղակիօրէն քննադատելով այդ հանքերը իր հսկողութեան տակ պահելու ամերիկեան կեցուածքը։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշինքով յայտնեց, որ ամերիկեան հսկողութեան տակ սուրիական քարիւղի մաքսանենգման գործողութիւններուն ապահոված շահը ամսական աւելի քան 30 միլիոն տոլար է:
Ան Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող քարիւղի հանքերուն վրայ վերահսկողութեան հաստատումը նկատեց «աւազակութիւն»:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր Երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ իր երկիրը դէմ պիտի դնէ սուրիական քարիւղի հանքերը իր աջակցութիւնը վայելող սուրիական խմբաւորումներու ձեռքերէն խլելու որեւէ փորձի: Ան սպառնացած էր ոյժ կիրարկել բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն այդ քայլին դիմել, ըլլան անոնք «Իսլամական պետութեան» տարրերը կամ Ռուսիոյ կամ Սուրիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժեր: