ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 31 Հոկտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, որ իր հրաւէրով «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպական կառոյցի ընդլայնուած խորհրդաժողովը, որուն օրակարգին վրայ էր երկրի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ բարոյահոգեբանական իրավիճակի քննութիւնը, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու գնահատումը, կուսակցութեան հետագայ մարտավարական քայլերու յստակացումը։
Անդրադառնալով իշխանափոխութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքականութեան ու ընթացիկ զարգացումներուն՝ խորհրդաժողովը արձանագրեց, որ իշխանութեան ամբոխավարական մօտեցումները, ժողովրդային շարժման նպատակներու եւ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան միջեւ խորացող տարբերութիւնները, արցախեան բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի եւ Արցախի դիրքերուն թուլացումը, Հայաստանի զինուած ուժերու հրամանատարական կազմի հեղինակազրկումը, արտաքին քաղաքականութեան ձախողութիւնները, ռազմավարական ծրագիրներու բացակայութիւնը, գործողութիւններու եւ վարքագիծի անկանխատեսելիութիւնը, օտարածին օրակարգերու սպասարկման պատրաստակամութիւնը, ազգային եւ պետական շահերու ստորադասումը՝ նեղ անձնական եւ խմբակային ձգտումներուն, այլակարծութեան մերժումը, պետական կառավարման համակարգին մէջ հայեցողական մօտեցումներով առաջնորդուիլը, քատրային ձախող քաղաքականութիւնը, բռնութեան մշակոյթի խրախուսումը լուրջ մարտահրաւէրներ ստեղծած են երկրի կայուն զարգացման համար:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները, յառաջիկային հանդէս պիտի գայ երկրի բնականոն զարգացման ընթացքը ապահովելուն վերաբերող համապատասխան գործողութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով: