ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 5 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդին նիստը պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ:
Խորհրդարանական վեհաժողովին մասնակցեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, ՀԱՊԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագաh Վեաչեսլաւ Վոլոտին, Պելոռուսի, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի, Իւզպեքիստանի, Աֆղանիստանի եւ Սերպիոյ խորհրդարաններու նախագահները ու Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի փոխխօսնակ Եուրի Վորոպեով: Սերպիոյ եւ Աֆղանիստանի խորհրդարաններու ղեկավարները նիստին մասնակցեցան իբրեւ դիտորդ:
Նիստին որոշուեցաւ սկսիլ աշխատանքները՝ 2021-2025 թուականներու օրէնսդրական նոր ծրագիրին շուրջ: Մասնակցողները քննարկեցին միջազգային եւ հաւաքական անվտանգութեան արդի հիմնահարցերը եւ կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութիւնը:
ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան ծիրին մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակը ներկայացուց ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Վալերի Սեմերիքով, իսկ ՀԱՊԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ, Ռուսիոյ Պետական Տումայի անվտանգութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովի անդամ Անաթոլի Վիպորնին զեկուցեց ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ազգային օրէնսդրութեան մէջ ՀԱՊԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ ընդունուած օրէնքներու եւ առաջարկներու կատարման մասին:
Խորհուրդի անդամները քննարկեցին ՀԱՊԿի ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նիստին ներկայացուած առաջարկները: Յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Պազանով զեկուցեց ՀԱՊԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի գործունէութիւնը կարգաւորող փաստաթուղթերու կատարելագործման վերաբերեալ յանձնաժողովի նիստին ընդունուած առաջարկներուն մասին:
Որոշուեցաւ, որ ՀԱՊԿի Խորհրդարանական խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունենայ Տաճիկիստանի մէջ։