ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ռուսիոյ Տումայի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) գործերու, եւրասիական համարկման ու հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքով դիտել տուաւ, որ ՀԱՊԿի խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստին ընթացքին Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին մատակարարուող զէնքի հարցը չէ քննարկուած։
«ՀԱՊԿն ո՛չ միայն Ատրպէյճանին զէնք կը վաճառէ, այլ Հայաստանին տրամադրուած են այնպիսի զինատեսակներ, որոնք նախապէս երբեք չեն ներկայացուած: Կը կարծեմ, թէ այս հարցով Ռուսիայէն նեղանալը մեղք է», շեշտեց ան։
Լրագրողներու հարցումին՝ թէ Հայաստանի վարչապետը անհանգստութիւն յայտնած է, որ Ռուսիոյ կողմէ զէնք կը վաճառուի Ատրպէյճանին՝ Քալաշնիքով ըսաւ. «Անշուշտ, կ՛անհանգստանայ, այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճան կ՛անհանգստանայ, որ մենք Հայաստանին նորագոյն զինուորական համակարգ կը վաճառենք»։