ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ատրպէյճանական «Նիուզ.ազ» լրատու գործակալութիւնը 5 Նոյեմբերին հաղորդեց, թէ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ 1 Նոյեմբերին ելոյթ մը ունեցած է Հրեայ Հանրապետականներու դաշինքին Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղին առջեւ, իր երկիրը ներկայացնելով՝ իբրեւ տարբեր մշակոյթներու եւ կրօնքներու հետեւորդներուն հանդուրժողականութեամբ մօտեցող երկիր մը (բնականաբար «մոռնալով» տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող հակահայ հալածանքը, սպանդները եւ պետական մակարդակի հասած ազգայնամոլութիւնը) եւ շեշտելով Ատրպէյճանի ու Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններուն սերտացումը։ Ան նաեւ անդրադաձաւ Արցախի հիմնահարցին՝ այդ մասին Պաքուի յայտնի ապատեղեկատուութիւնը փոխանցելով ներկաներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.