ԵՐԵՒԱՆ.- Իր տեղեկութիւնները քաղեոլվ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) մամուլի խօսնակ Շուշան Դանիէլեանէն, Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը 4 Նոյեմբերին հաղորդեց, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ «Հայկական տիեզերք» անունով գորգը վաճառուած է 30,000 տոլարի:
«Հայրենիքի պաշտպան» վերականգնողական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ՝ «Զինուորի տան» հերոսները գործած են «Հայկական տիեզերք» անունով մկրտուած հայկական գեղեցիկ գորգը: Գորգը գործելու աշխատանքներուն խորհրդանշականօրէն մասնակցած են յայտնի արուեստագէտներ Տիգրան Մանսուրեան, Ջիւան Գասպարեան, «ճեզ» երաժիշտ Մալխասը, «Օրորա»ի մրցանակակիր Թամ Քաթինա եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու կինը՝ Աննա Յակոբեան, եւ ուրիշներ:
Վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի «Զինուորի տան» մէջ «Հերոսներու սրճարան»ի եւ ուսումնական կեդրոնի կառուցման: