ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին եւ օծման 56րդ տարեդարձին առթիւ, Արեւ-մտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ արարողութեան աւարտին կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Ս. սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան։
Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանը նոր վերադարձած էր Անթիլիասի Մայրավանքէն, ուր մասնակցած էր Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Խառն ժողովներու նիստերուն։ Ան առաջին հերթին Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնները փոխանցեց, ապա անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն, աղօթք բարձրացնելով Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար։
Սրբազանը իր քարոզի բնաբանը ընտրած էր Լերան Քարոզի «Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» հատուածը եւ օրուան աւետարանական ընթերցումն էր՝ «Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» համարը։ Անդրադառնալով նախորդ օրուան Ամենայն Սրբոց տօնին, ան նշեց, որ մեր սուրբերը՝ հին եւ նոր, յայտնի եւ անյայտ իրենց կեանքը ապրեցան իբրեւ Քրիստոսի մայրն ու եղբայրները, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը լսեցին ու գործադրեցին եւ երկիրը ժառանգեցին իրենց հեզութեան շնորհիւ։
Խօսելով հեզութեան առաքինութեան մասին, առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ «Հեզը այն մարդն է, որ իր կեանքին ընթացքին Աստուծոյ ներկայութիւնը կը ցանկայ, զԱստուած կը դաւանի, Ս. Հոգւոյ պտուղներով հարստացած՝ իր կեանքը սիրով, ուրախութեամբ, համբերատարութեամբ, բարութեամբ, ազնուութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ ժուժկալութեամբ կ՛ապրի»։
Առաջնորդը մատնանշեց, որ բոլոր սուրբերը հրաշագործներ չէին. այսօր մեր մէջ սուրբեր կրնանք ունենալ եւ մենք եւս ցանկանք նմանիլ անոնց՝ մեր հեզութեամբ, Աստուծոյ կարիքը զգալով, Անոր խօսքը լսելով ու գործադրելով, որպէսզի Ս. Հոգին գայ եւ բնակութիւն հաստատէ մեր սիրտերուն մէջ։ Ապա ան կոչ ուղղեց՝ ըսելով. «Անուանակոչութեան այս տօնին, վերանորոգուինք աղօթքով, խոստովանութեամբ ու Աստուծոյ խօսքին մտերմութեամբ»։
Սրբազանը իր քարոզին աւարտին շնորհաւորեց ծխական մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ գնահատեց հոգեւոր հովիւը, երեսփոխանները, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը, եկեղեցւոյ սպասարկողները եւ Դպրաց դասի անդամները ու յորդորեց հեզութեամբ եւ նուիրուածութեամբ ծառայելու, իրենց ուխտը վերանորոգելով՝ շարունակելու իրենց նուիրումը եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
Յետ Ս. պատարագի, առաջնորդ սրբազանը նախագահեց հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր ծառայողներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Այս տարուան մատաղը հովանաւորած էր Ժանէթ Վարդազարեան՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Ռազմիկ Վարդազարեանի։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։