ԵՐԵՒԱՆ.- Աւստիրոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ համագործակցաբար Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան, 5 եւ 6 Նոյեմբերին շարք մը հանդիպումներ կազմակերպեց Արցախէն ժամանած Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանին համար:
6 Նոյեմբերին, Բեգլարեան Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Աւստրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի Աւստրիոյ նախագահ, պատգամաւոր տիկին Կուտրոն Քուկլերին հետ, որուն հետ մանրամասնօրէն քննարկուեցան Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Աւստրիա-Արցախ ուսանողական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
5 Նոյեմբերին, Արտակ Բեգլարեան հանդիպումներ ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ ասորական եւ քրտական համայնքներու ղեկավարութեան հետ, որոնց հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը ու համագործակցութեան եզրերը:
Նոյն օրը, հանդիպման ու զրոյցի արդիւնաւէտ առիթ մը եւս ստեղծուեցաւ՝ այս անգամ Վիեննայի հայութեան հետ: Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Պապիկեանի ներկայութեամբ, դեսպանատան կից «Հայաստան» սրահին մէջ, Ա. Բեգլարեան հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներուն եւ երիտասարդներուն հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգը, առանձնայատկութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Արցախի զարգացման ու մարդկային իրաւանց ամրագրման համար Սփիւռքի դերակատարութիւնն: Ապա յաջորդեց մտերմիկ զրոյց-քննարկում, որուն ընթացքին Ա. Բեգլարեան մանրամասնօրէն լուսաբանութիւններ տուաւ ներկաները յուզող հարցերու շուրջ:
Հարկ է նշել, թէ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան օրեր առաջ Աւստրիա ժամանած էր, որպէս լիազօր անդամ մասնակցելու Ինսպրուկի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու խորհրդաժողովին: