ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հեղինակաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին տուաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։
Ցեղասպանութեան իրականութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին ան ըսաւ, թէ որեւէ սխալ ընդունիլը ոյժ է։ Այդ չի կրնար տկարութեան նշան նկատուիլ։
«Ոգին, Որ Քանդած Է Պերլինի Պատը, Կը Շարունակէ Ապրիլ» խորագրեալ յօդուածին մէջ, որուն մաս կը կազմէ նշեալ զրոյցը, լրագրող Ռաճըր Քոհեն կը գրէ, որ Հայաստանի բոլոր գրասենեակներուն մէջ կրնաս տեսնել Արարատի նկարները։ «Լեռը, որ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ, խորհրդանիշն է հայերու կարօտի, հպարտութեան ու Հայոց Ցեղասպանութեան, որ սկսաւ 1915ին։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպաննուեցան առաւել քան մէկ միլիոն հայեր», կը գրէ ան՝ աւելցնելով, որ նախագահ Պարաք Օպամա եւս խոստացած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ, սակայն «քաղաքականութիւնը յաղթեց անոր սկզբունքներուն»։
Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ նաեւ Արցախի հակամարտութեան պատմութեան՝ արձանագրելով, որ այսօր Հայաստան փակ սահմաններ ունի Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ, եւ բաց են միայն Վրաստանի ու Իրանի հետ սահմանները։ «Այդուհանդերձ, ես հայերը տեսայ անպարտելի ոգիով։ Ի՞նչ նշանակութիւն կրնան ունենալ ֆիզիքական սահմանները։ Հայաստանի մօտաւորապէս 3 միլիոն բնակիչները մնայուն կապի մէջ են Սփիւռքի մօտաւորապէս 6 միլիոն հայերուն հետ։ Մարդիկ կը զգան, որ ունին ազատութիւն ընելու այն, ինչը կ՛ուզեն ընել», կը գրէ հեղինակը։