ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 21 Նոյեմբերին ընդունեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր դիւանագիտական դպրոցի խումբ մը ուսանողներ՝ հաստատութեան ղեկավար Վահէ Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահ Սահակեան՝ կարեւոր նկատելով Արցախ տուած անոնց այցելութիւնը, շեշտեց, որ նման հետաքրքրական ու պահանջուած հանդիպումները պէտք է կրեն պարբերական բնոյթ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ու տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Խորհրդարանի ղեկավար Աշոտ Ղուլեանի հետ հանդիպումին, ան նոյնպէս կարեւոր նկատեց տարեկան դրութեամբ տրուող այս այցելութիւնը՝ միասնական հայրենիքի ճանաչման, տեղեկացուածութեան բարձրացման, միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի շահը պաշտպանելու եւ համազգային խնդիրներուն սեփական մասնակցութեամբ օգտակար ըլլալու առումով:
Աշոտ Ղուլեան նաեւ շնորհաւորեց ներկաները՝ դիւանագիտական դպրոցի տասնամեակին առիթով եւ ընդգծեց, որ դպրոցը կարեւոր դեր կը խաղայ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ գործի կոչուած մարդուժի պատրաստութեան առումով: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի պետականաշինութեան գործընթացին, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին, աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկային Արցախի մէջ սպասուող համապետական ընտրութիւններուն վերաբերող թեմաներու:
Աշոտ Ղուլեան պատասխանեց կրտսեր դիւանագէտներուն՝ խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ Արցախի ճանաչման գործընթացին վերաբերող հարցումներուն:
Հանդիպման աւարտին Ազգային ժողովի նախագահը խումբին յանձնեց 1992 թուականի Յունուար 6ին Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին հռչակագիրի կրկնօրինակը: