ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Նոյեմբեր 20ին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ու ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան 2020ին Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւններու նախագահի հաւանական թեկնածու, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին հետ:
Սոյն հանդիպումով եզրափակուեցաւ Արցախի նախագահի 5 հաւանական թեկնածուներու հետ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի հանդիպումներուն փուլը:
«Ապառաժ»ի հետ զրոյցին ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ Մասիս Մայիլեանի հետ հանդիպումը կայացած է ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, իսկ Արցախի նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ կայացած հանդիպումներու արդիւնքներուն եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի որոշման մասին հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի Դեկտեմբերի սկիզբը կայանալիք արտակարգ ժողովէն ետք: