ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ Լոմպարտիոյ փոխնահանգապետ Ֆապրիցիօ Սալայի հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ հայ-իտալական գործարար համաժողովին՝ կոչ ուղղելով գործարարութիւններ կատարել Հայաստանի մէջ եւ անոնց ներկայացնելով ներդրումներու կարելիութիւնները։
Ֆապրիցիօ Սալայի հետ հանդիպումին ընթացքին ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջազգային յարաբերութիւնները յագեցած են, մանաւանդ որ Միլանը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենամեծաթիւ հիւպատոսութիւններ ունեցող քաղաքներէն երկրորդը, ուր միջազգային օդ կը շնչեն ո՛չ միայն ձեռներէցութեան, գործարար առումով, այլեւ ընկերային, միջազգային յարաբերութիւններու առումով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Իտալիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները նոր փուլ թեւակոխած են, առաջին հերթին՝ տնտեսական առումով: Ըստ անոր՝ Լոմպարտիա նահանգին հետ, ըստ երեւոյթին, գործակցութեան մեծ ներուժ կայ, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ գործարարութեան։ «Ձեզ մի օրինակ կարող եմ բերել. նախորդ տարի Ryanair ընկերութիւնը հետաքրքրութիւն էր ցուցաբերում դէպի Հայաստան թռիչքներ սկսելու համար, եւ երբ որոշումը կայացուած էր, յաջորդ փուլում նրանք պիտի որոշէին, թէ որտեղից են սկսում Հայաստանի հետ կապի ստեղծումը: Անկեղծ պիտի ասեմ՝ ինձ համար անակնկալ էր, երբ ես իմացայ, որ նրանք առաջին թռիչքները որոշել են անել Իտալիայից եւ յատկապէս Միլանից եւ Հռոմից: Եւ երբ ես ուզում էի հասկանալ այս որոշման պատճառը, հասկացայ, որ առկայ տնտեսական դինամիկան է, որ նրանց մղել է հէնց այս ուղղութիւններով: 2019 թուականի ընթացքում մենք երեք իտալական մասնակցութեամբ բաւական լուրջ նախագիծ ենք սկսել Հայաստանում», ըսաւ Փաշինեան՝ մանրամասնելով այդ ծրագիրները։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Ֆապրիցիօ Սալան քննարկեցին Հայաստանի եւ Լոմպարտիոյ միջեւ համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները՝ հաստատելով, որ միացեալ նախաձեռնութիւնները պիտի նպաստեն գործարար շրջանակներուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման եւ պիտի խթանեն նոր ներդրումները:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՆՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐԹԱԿ ԴԷՊԻ ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՅ»
«Հայաստան, նոր իրականութիւն. հարթակ դէպի եւրասիական շուկայ» խորագիրով Միլանի մէջ կայացած հայ-իտալական գործարար համաժողովին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հայ-իտալական ներկայի յարաբերութիւնները տոգորուած են գործընկերութեան եւ փոխվստահութեան միեւնոյն ոգով: Ան լուսարձակի տակ առաւ հայ-իտալական յարաբերութիւններուն բազմադարեայ պատմութիւն ունենալը՝ դիտել տալով, որ անոնք չեն սահմանափակուիր տնտեսական շահերով, քանի որ անոնք կը զուգորդուէին գիտական եւ մշակութային կապերով, մարդասիրական աղերսներով, նորարարութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու փոխանակմամբ:
Ըստ վարչապետին՝ այսօր եւս երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւններ կան տնտեսական, ընկերային եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ: «Առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը մեր յարաբերութիւնների կարեւոր բաղադրիչն է: Իտալիան Եվրոպական միութեան երկրների շարքում Հայաստանի երկրորդ խոշոր առեւտրատնտեսական գործընկերն է: Միայն այս տարուայ առաջին ինն ամիսներին երկու երկրների միջեւ առեւտուրն աճել է մօտ 14 տոկոսով», նշեց վարչապետը:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ այսօր հիմնարար վերափոխումներ կը կատարուին, ինչ որ լայն հեռանկարներ կը բանայ իտալական եւ եւրոպական գործընկերներուն հետ տնտեսական համագործակցութեան համար: Հայաստանի վարչապետը նաեւ ներկայացուց Հայաստանի մէջ արդէն իսկ արձանագրուած որոշ արդիւնքներ։
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ ներդրումային համագործակցութեան եւ միացեալ նոր ծրագիրներու հեռանկարները։ Վարչապետը ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործարարութիւն կատարելու կարելիութիւնները՝ անդրադառնալով ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ շարք մը այլ ոլորտներու զարգացման աշխոյժ ընթացքին։ Ան շեշտեց, որ գործարար միջավայրին մէջ եւս բարեփոխումներ կը կատարուին, որպէսզի Հայաստանի մէջ ներդրումները պաշտպանուին, դիւրութիւններ եւ կարելիութիւններ ստեղծուին։ «Դուք կարող էք եւրոպական մակարդակի բիզնես ունենալ եւ ազատ, առանց մաքսատուրքերի մուտք գործել 200 միլիոնանոց շուկայ», շեշտեց ան։
Վարչապետ Փաշինեան նաեւ պատասխանեց իտալական գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ իրականացուող տնտեսական բարեփոխումներուն, Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններուն եւ այլն։
Իտալիոյ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչները ողջունեցին Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումները եւ նշեցին, որ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային գործունէութիւն ծաւալելով։ Համաձայնութիւն գոյացաւ՝ առարկայական քննարկումներու սկսիլ յստակ ծրագիրներու շուրջ։