ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարան (ՊԱՀՀ) այցելեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Սքոթ Մաքսուէլը, երկկողմանի պաշտպանական համագործակցութեան սպայ, յիսնապետ Չատ Մուրօն, Քանզասի ազգային ջոկատի գլխաւոր ենթասպայ Պրենթ Անտըրս եւ դեսպանութեան ռազմական ուսումնական ծրագիրներու համակարգող Անահիտ Յովհաննիսեան:
ՊԱՀՀի պետ զօրավար Գենադի Տաւարածեան հիւրերուն ներկայացուց համալսարանի կրթական եւ հետազօտական գործունէութիւնը, հոն ընթացող «Պետութեան ռազմական անվտանգութիւն» գերատեսչական ակադեմական վերապատրաստման դասընթացքին էութիւնն ու նպատակը:
Զօր. Տաւարածեան տեղեկացուց, որ պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանին մէջ կը մշակուի եւ յաջորդ տարի պիտի իրականացուի միջգերատեսչական վերապատրաստութեան դասընթացք, գործնական օղակի մասնագէտներու համար նախատեսուած առանձին դասընթացք, ինչպէս նաեւ մագիստրոսական կրթական ծրագիր, իսկ հեռանկար կայ նաեւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ աւարտածներու կրթութեան կազմակերպում: Նախատեսուած է կազմել Մասնագիտական խորհուրդ, որուն ծիրին մէջ թեկնածուական եւ դոկտորական ատենախօսութիւններ պիտի պաշտպանուին ռազմական գիտութեան, ռազմավարութեան, ազգային անվտանգութեան բնագաւառներու թեմաներով:
Դեսպան Թրէյսի բարձր գնահատեց ռազմական մասնագիտական կրթութեան բնագաւառին մէջ պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանին իրականացուցած ծաւալուն աշխատանքը, կարեւոր նկատեց հայ-ամերիկեան համագործակցութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը, նաեւ՝ նշուած բնագաւառին մէջ:
Դեսպան Լին Թրէյսի հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՊԱՀՀի դասընթացքի հետեւողներուն հետ ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն։