ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի 13 տարիներու թափուր շրջանը, եթէ վերջին պահուն յանկարծ դատական արգելք մը չպատահի, 11 Դեկտեմբերին պիտի աւարտի, երբ ընտրուի նոր գահակալը: Սակայն ընտրութեան ընդառաջ մեր դիմաց գլխաւոր հարցումն է, թէ քանի՞ հոգի պիտի մասնակցի ընտրութեան եւ ի՞նչ համեմատութիւն պիտի կազմէ երկու թեկնածուներուն դէմ քուէարկողներու ձայնը: Պարտադրուած երկընտրանքէն խուսափողներու թիւը բաւական բարձր է: Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ նման մտահոգութեամբ ընտրութեան մասնակցիլ չուզողներու գոյութիւնը:
Երկարատեւ եւ փոթորկալից տարակարծութիւններու շրջանէ մը ետք, վերջապէս հասած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական աթոռի 85րդ գահակալը ճշդելու պահը: Բառին բուն իմաստով աղմկայարոյց այս շրջանի աւարտին, կիրքերը չեն հանդարտած եւ ըստ երեւոյթին, պայքարը մինչեւ վերջ պիտի շարունակուի նոյն թափով:
Ինչպէս ծանօթ է, այս ընտրութեան նախօրեակին տեղի ունեցաւ աննախադէպ զարգացում մը եւ ներքին գործոց նախարարութիւնը լրջօրէն սահմանափակեց ընտրութեան մասնակցելու իրաւունքը: Մեր եկեղեցական աւանդութեան մէջ առաջին անգամ երկրէն դուրս գործող եպիսկոպոսներուն առջեւ պատնէշ մը դրուեցաւ եւ արգիլուեցաւ անոնց մասնակցութիւնը: Աւելի ծանր երեւոյթը գոյացաւ, երբ արդար ընտրութիւն կազմակերպելու հեռանկարով պաշտօնակոչուած Նախաձեռնարկ մարմինն ալ համակերպեցաւ այս անարդարութեան եւ մերժեց առարկել: Առարկութիւնը խափանողները կ՛արդարանային՝ պնդելով, թէ նման առարկութիւն մը կրնայ աթոռին երկար տարիներ եւս թափուր մնալուն պատճառ դառնալ:
Այս պայմաններուն մէջ, 7 Դեկտեմբերին, Շաբաթ օր, Հոգեւորականաց դասը պիտի ճշդէ կրօնական պատուիրակները, իսկ յաջորդ օրը, Պոլսոյ եւ գաւառի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ժողովուրդը իր ձայներով պիտի ճշդէ պատգամաւորներ, որոնք յաջորդող Չորեքշաբթի օր պատրիարքարանին մէջ պիտի ընտրեն 85րդ պատրիարքը:
Ներկայ անարդար պայմաններուն մէջ հարցականի տակ պիտի մնայ կատարուած ընտրութիւնը: Սա ինքնին դժբախտութիւն է արդէն նորընտիր պատրիարքին համար եւ այդ դժբախտութեան գլխաւոր մեղաւորները պիտի համարուին բոլոր անոնք, որոնք կազմակերպեցին այս դաւադրական բեմադրութիւնը:
Այս պահուն, անշուշտ հարցական է նաեւ ընտրութեան մասնակցելու համեմատութիւնը:
Նախաձեռնարկ մարմինը կը փորձէ զանազան եղանակներով արգելք ըլլալ պարապ քուէներու գործածութեան եւ դիտումնաւոր կերպով կը խուսափի ընտրողներու թիւին մասին յստակ յայտարարութիւններ ընելէ: Այդ շրջանակներէն հասած տեղեկութեան համաձայն եկեղեցիներէ եկած ցանկերով կը խօսուի 60,000 ընտրողներու մասին, սակայն այս թիւը եւս կասկածելի է, քանի որ ստոյգ կերպով չէ յստակացած ցանկերուն այժմէականութիւնը:
Պարիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ առաջին օրէն իսկ որպէս նիւթին ուղղակի շահախնդիր, բայց անպաշտօն եւ անկոչում մնացածներու ձայնը հանդիսացող «Հասարակութեան նախաձեռնութիւն» շարժումը ընտրութեան ընդառաջ յայտարարութիւն մը հրատարակեց: Նախքան այս յայտարարութիւնը, շարժումը ժողով մը գումարեց Նախաձեռնարկ մարմինին ցարդ հրաժարած անդամներուն հետ, որոնք բացատրեցին, թէ նախ մեծ ոգեւորութեամբ լծուած էին պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը դասաւորելու պարտականութեան, սակայն շուտով անդրադարձան, որ կատարուածը արդէն նախապէս ծրագրուած գործողութեան մը բեմադրութիւնն է միայն: Արդարեւ կանոնագիրին հրապարակումէն անմիջապէս ետք կայացող առաջին ժողովին իսկ ըսուած էր, թէ այս գործընթացին մէջ անիմաստ է արդարութիւն փնտռել: Սոյն արտայայտութիւնը արդէն պատճառ դարձաւ առաջին հրաժարականին, իսկ մնացողները որոշ ժամանակ յուսացին թէ պիտի կրնան բարեփոխել այս սխալ ընթացքը: Սակայն հետզհետէ յայտնի դարձաւ, որ բոլորը միասին գործիքը կը դառնան նախապէս ճշդուած ծրագիրի մը գործադրման: «Կարծես թէ արդէն իսկ եփած ճաշը կրկին փուռը կը դնէին, որպէսզի գոյանայ իբրեւ թէ նոր եփած ըլլալու տպաւորութիւն», ըսած է հրաժարեալներէն մէկը: Այս համոզումին յանգելէ ետք հրաժարականները իրար յաջորդեցին եւ Նախաձեռնարկ մարմինին կազմը կէսով իսկ խուսափեցաւ նման ընթացքի մեղսակից ըլլալէ:
Հասարակական նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ, թէ պիտի չմասնակցի քուէարկութեան այս անարդար եւ իրաւունքները յափշտակող ընտրութեան եւ հասարակութիւնը կը հրաւիրէ իր ձայնին հետեւելու եւ արդարութեան կողմը ըլլալու:
Միւս կողմէ, «Թէ.24» լրատու կայքը հրատարակեց «Նոր Զարթօնք» խմբակցութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ «Նոր Զարթօնք»ի անդամները դէմ կու գան պատրիարքական ընտրութեան կանոնագրութեան եւ ժողովուրդը կը հրաւիրեն քուէ չգործածելու ու այս կերպով ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու։
Հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ գրուած է, որ պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան կողմէ ղրկուած կանոնագրութիւնը կը նշանակէ միջամտել մեր ժողովուրդի հաւատքի ազատութեան եւ ընկերային կարգաւորման։ Այս ընտրութեան ընթացքին տրուելիք ամէն քուէ առաւել եւս պիտի ծառայէ պետութեան ապօրէն միջամտութեան օրինականացման։ Այս պատճառաւ, «Նոր Զարթօնք»ը անգամ մը եւս կոչ կ՛ընէ եւ ժողովուրդը կը հրաւիրէ քուէ չգործածելու, ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու։
Աւելի լաւ ա թափուր աթոռ ունենալ, քան թէ վաղը աթոռ ալ չունենալ:
Շատ ցաւալի է, որ պատրիարքական ընտրութիւնը այս պայմաններուն մէջ՝ իմա այս դերակատարներով տեղի կ’ունենայ: Հայ կղերը, յատկապէս անոնք,— որոնք ակն ունէին պատրիարքութեան,— անյագուրդ ցոյց տուաւ իր ստոր բնազդները. աշխարհիկ ընտրապայքարները շատ աւելի ազնիւ ու պատուախնդիր տեղի ունեցած են,այստեղ՝ բոլորն ալ ստորնացան, գռեհկացան, ցեխերու մէջ թաթխեցին այն աթոռը, որուն տիրանալու համար ամէն քսութեան կը դիմեն: