ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Վերջերս բացայայտուած էր, որ Թուրքիա 2001ին Հայաստանի դէմ ռազմական օդային գործողութեան ծրագիր մը մշակած էր։
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տիգրանակերտը ներկայացնող հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցադրում մը ներկայացուց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին՝ պահանջելով պատասխանել Հայաստանի դէմ ռազմական հաւանական գործողութեան ծրագիրին վերաբերեալ շարք մը հարցումներու:
Փայլան կը նշէ, որ Հայաստանի վրայ թրքական յարձակումի մը ծրագիրին մասին տեղեկութիւնները անհանգստացուցած են Հայաստանի ժողովուրդը եւ հետեւեալ հարցումները կը հասցէագրէ նախարարին.
- Արդեօք Թուրքիոյ զինուորական ուժերը նման փաստաթուղթ ունի՞ն: Նշեալ ծրագիրը ի զօրու կը մնա՞յ:
- Վերոնշեալ ծրագիրը ի՞նչ հիմնաւորումով եւ ի՞նչ նպատակով կազմուած է:
- Ջանքեր պիտի տանի՞ք Հայաստանի ժողովուրդին մօտ այս պնդումներուն իբրեւ հետեւանք յառաջացած անհանգստութիւնը մեղմացնելու եւ խաղաղութեան ուղղուած ակնկալիքները վերականգնելու համար:
Կասկածէ վեր է նման ծրագրի մը գոյութիւնը: Ի զուր չէ որ յարատեւ սպառնալիքներ կը տեղան, որոնցմէ մէկը «օր մը յանկարծ Ղարաբաղի մէջ պիտի յայտնուինք»: Բնական է որ Թուրքիա նման երազներ ու ծրագիր ունի: Ի զուր չէ որ Փութինի ն գիրկը նետուած է զայն սիրաշահելու համար: Բայց, երազողները միշտ երազի ճամբով կ’ապրին: Երազողները, երբեք չեն դադրիր սադրանքներ կազմակերպելէ: Դէմինը օձի կը նմանի, երբ ուզէ շապիկը կը հանէ ու կը փոխէ: