ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
13 Նոյեմբեր 2019ին, ծերակուտական Լինզի Կրեհեմի կողմէ (հանրապետական, Հարաւային Քարոլայնա) Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին Ծերակոյտին քուէարկութեան արգելափակումը տեղի տուաւ մտորումներու՝ թէ ի՛նչ բան դրդած է զայն այդպէս վարուելու:
Պատճառները կը տատանէին՝ սկսած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Սպիտակ տան մէջ իր հանդիպումէն՝ անոր քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ, մինչեւ անոր կտրուկ շրջադարձները քանի մը այլ հարցերու շուրջ եւ նախագահ Թրամփի թրքամէտ քաղաքականութեան ենթարկուիլը:
Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ ծերակուտական Կրեհեմի քուէարկութիւնը բացատրելու եւս մէկ ծանրակշիռ պատճառ են այն գումարները, զորս ան ստացած էր թուրք ամերիկացիներէ իր քաղաքական քարոզարշաւներուն համար:
Եան Ճ. Լինչ ahwalnews.com կայքին վրայ հրապարակեց յօդուած մը՝ փաստագրելով թրքական նուիրատուութիւնները ծերակուտական Կրեհեմի քարոզարշաւներուն: Այս գումարները կ՛աւելնան այն միլիոնաւոր տոլարներուն վրայ, զորս Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վճարէ Ուաշինկթընի մէջ գործող լոպիիստական ընկերութիւններուն, որպէսզի Քոնկրեսին մէջ խոչընդոտեն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումը: 11 Հոկտեմբեր 2019ին Akin Gump Strauss Hauer & Feld ընկերութիւնը աւելցուեցաւ Թուրքիոյ համար լոպիիստական գործունէութիւն տանող ամերիկեան ընկերութիւններու երկար ցանկին վրայ: Հետաքրքրական է, որ այս լոպիիստական ընկերութիւնը վարձած է TransAtlantic Petroleum թեքսասեան ընկերութիւնը, որ շահեր ունի Թուրքիոյ նաւթի եւ կազի ոլորտներուն մէջ: Akin Gump լոպիինկ կ՛ընէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրարկումը խափանելու համար, բանաձեւ մը, զոր Ներկայացուցիչներու տունը մեծամասնութեամբ ընդունեց 29 Հոկտեմբեր 2019ին:
Լինչ կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարներ չէ ծախսած լոպիինկի գծով, իսկ Ուաշինկթընի մէջ գործող ամերիկահայ կազմակերպութիւնները լոպիինկի համար շատ քիչ գումար ծախսած են՝ թրքական կառավարութեան ծախսած միլիոնաւոր տոլարներուն հետ համեմատած: «Ըստ Միացեալ Նահանգներու հարկային վարչութեան (IRS) վերջին տուեալներուն՝ Ամերիկայի Հայկական համագումարը (ԱՀՀ) 2017ին հաւաքած է մօտաւորապէս 2 միլիոն տոլար, սակայն իբրեւ 501 (գ) (3) ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն, անոր չէ թոյլատրուած ծախսել իր պիւտճէին զգալի մասը լոպիինկի համար: Լոպիինկի բացայայտման օրէնքով (LDA) պահանջուող տեղեկատուութեան համաձայն՝ ԱՀՀը 2018ին լոպիիստական գործունէութեան համար ծախսած է 95 հազար տոլար, իսկ մինչեւ այսօր՝ 2019, ծախսած է 80 հազար տոլար: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արձանագրուած է իբրեւ 501 (գ) (4) ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ յանձնախումբը կրնայ իր պիւտճէին մեծ մասը ծախսել լոպիինկի համար: 2017ին, Հայ Դատի յանձնախումբին ընդհանուր եկամուտը 850 հազար տոլար էր, սակայն կազմակերպութիւնը լոպիինկի համար վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, ամէն տարի ծախսած է միայն 120 հազար տոլար՝ LDA-ի բացայայտումներուն համաձայն»:
29 Հոկտեմբեր 2019ին, Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումէն ետք, Թուրք-ամերիկեան Ազգային ղեկավար կոմիտէն (TASC) գործի անցաւ՝ կասեցնելու համար Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւին նման այլ բանաձեւի մը ընդունումը Ծերակոյտին մէջ:
«TASC-ի ղեկավարութիւնը եւ անոնց գործընկերները անմիջական կապեր ունին Էրտողանի ներքին շրջանակներուն հետ եւ Կրեհեմի անհատական քաղաքական նուիրատուութիւններ կատարելու սովորութիւն: …TASC-ի համանախագահ, դոկտոր Հալիլ Մութլու Էրտողանի զարմիկն է: Ան եւ անոր կինը 8 Օգոստոս 2016ին ընդհանուր առմամբ 10 հազար 800 տոլար նուիրեցին Team Graham Inc.-ին, 2020ին Ծերակոյտին մէջ իբրեւ ծերակուտական վերընտրման քարոզարշաւին համար: Անոնց անհատական նուիրատուութիւնները՝ 5400 տոլար իւրաքանչիւրը, առաւելագոյնն է, որ անհատը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնայ տալ քաղաքական քարոզարշաւի մը, ամէն ընտրական փուլի: Մութլուի գործատուն՝ Մեսեչուսեց նահանգին մէջ գտնուող Պէյսթէյթ բժշկական կեդրոնը Team Graham-ի նուիրատուութիւններու ամէնէն մեծ աղբիւրներէն մէկն է: Ընթացիկ ընտրական փուլին մէջ հիւանդանոցին աշխատակիցները նուիրած են 21 հազար 600 տոլար, ծերակուտականին՝ 2020ի քարոզարշաւին»:
Թուրքիոյ հետ կապ ունեցող ընկերութեան մը՝ Nimeks Organics-ի աշխատակիցները շարքին են ծերակուտական Կրեհեմի քարոզարշաւի գլխաւոր նուիրատուներուն. անոնք այս ընտրական փուլին տրամադրած են ընդհանուր առմամբ 16 հազար 200 տոլար անհատական նուիրատուութիւն: «Nimeks Բնական մթերքներու խումբի ապրանքային գիծ է Փենսիլվենիոյ մէջ եւ ուտելիք կը ներմուծէ Թուրքիայէն: Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Մուրատ Կուզել նաեւ TASC-ի գանձապահն է», կը տեղեկացնէ Լինչ:
Աւելին, Կուզելի ընտանիքը ընդհանուր առմամբ 8100 տոլար նուիրած է Կրեհեմի նախագահական քարոզարշաւին, 28 Յունիս 2016ին, «հակառակ այն բանին, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին Կրեհեմ դուրս եկած էր այդ մրցարշաւէն: Նուիրատուութիւնը կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս ետք», կը հաղորդէ Լինչ՝ աւելցնելով. «Միայն քանի մը շաբաթ ետք, Կուզել եւ անոր ընտանիքը եւս 10 հազար 800 տոլար նուիրեցին Team Graham-ին, երբ Մութլուի ընտանիքը նոյն գումարը նուիրած էր 8 Օգոստոսին: Թէ՛ Մութլուները, եւ թէ Կուզելները Կրեհեմի ընտրողներ չեն հանդիսանար. ան կը ներկայացնէ Հարաւային Քարոլայնան»:
Տարօրինակ է, որ Կուզել հանրապետական ծերակուտականին գումար կը նուիրէր այն ատեն, երբ «ան Դեմոկրատական ազգային յանձնախումբի ժառանգութեան խորհուրդի նախագահն էր եւ մօտաւորապէս 300 հազար ամերիկեան տոլար նուիրած էր Հիլըրի Քլինթընի նախագահական քարոզարշաւին աջակցող դեմոկրատական յանձնախումբերուն», կ՛ըսէ Լինչ: Կուզել պէտք է լուրջ պատճառ ունենար՝ ըլլալով կուսակցութեան մը յանձնախումբին ղեկավարը, որպէսզի գումար նուիրէր իրենց հակառակորդին:
Կուզել սերտ կապեր հաստատած էր նախագահ Էրտողանի փեսային եւ Թուրքիոյ գանձարանի ու ֆինանսներու նախարարին՝ Պերաթ Ալպայրաքի, նախագահի զաւակին՝ Պիլալ Էրտողանի եւ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալինի հետ: Ժամանակ առ ժամանակ, Կուզել «կը խնդրէ թուրք պաշտօնեաներու օգնութիւնը իր քաղաքական գործունէութիւնը համակարգելու համար», ինչ որ, ըստ Լինչի, յայտնի դարձաւ Ալպայրաքի ելեկտրոնային փոսթը կոտրելէ ետք:
Զարմանալի չէ, որ Հետաքննութիւններու դաշնակցային բիւրօն (ՀԴԲ-«ԷՖ.Պի.Այ.») կը քննէր TASC-ի պաշտօնեաները: «8 Սեպտեմբեր 2016 թուակիր ելեկտրոնային նամակին մէջ TASC-ի համահիմնադիր Իպրահիմ Ույար Ալպայրաքի կ՛ըսէ, թէ «ԷՖ.Պի.Այ.»ը իրեն հարցուցած է, թէ արդեօք TASC-ը եւ թրքական այլ կազմակերպութիւններ ներգրաւուա՞ծ են թրքական կառավարութեան անունով ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ միջամտելու փորձերուն: Ույար նաեւ կը նշէ, որ հարցաքննուած են քանի մը այլ անձեր, որոնց շարքին՝ Կուզել եւ Թրքական ժառանգութեան կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Հալիլ Տանիշմազ»: Տարիներ առաջ, Ալպայրաքի ուղարկուած ելեկտրոնային նամակներուն մէջ, Տանիշմազ անգամ մը առաջարկած էր «քողարկուած» լոպիիստական քարոզարշաւ իրականացնել՝ «Ամերիկայի մէջ լոպիիստական գործունէութիւնը սահմանափակող ֆինանսաւորման կանոնները եւ հարկային խոչընդոտները յաղթահարելու համար»: Երբ ելեկտրոնային նամակները բացայայտուեցան, Տանիշմազ հեռացաւ Թրքական ժառանգութեան կազմակերպութենէն, կ՛ըսէ Լինչ:
Turkish Coalition Northeast PAC-ը եւս գումար նուիրած է ծերակուտական Կրեհեմի քարոզարշաւին: Այս տարուան Ապրիլին ընկերութիւնը առաւելագոյն թոյլատրելի գումարը՝ 5000 տոլարի նուիրատուութիւնը կատարեց Team Graham-ին՝ «անոր ամենամեծ նուէրը թեկնածուի յանձնաժողովին, ներկայի ընտրական փուլին», կը պարզէ Լինչ:
Երբ ծերակուտական Կրեհեմ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ընթացքին իր ելոյթին մէջ սատարեց Թուրքիոյ, Team Graham-ը 1000 տոլար ստացաւ ամերիկեան Greenberg Traurig, LLP լոպիիստական ընկերութենէն, զոր կը վարձէ Թուրքիան:
Ծերակուտական Կրեհեմ 10 Յունուար 2019ին հանդիպեցաւ Greenberg Traurig-ի լոպիիստներուն հետ՝ Թուրքիա կատարած իր այցելութենէն շաբաթ մը առաջ. այնտեղ ան պիտի հանդիպէր Էրտողանի հետ: Թուրքիա գտնուած օրերուն, Էրտողան ծերակուտական Կրեհեմը հրաւիրեց հետը համերգի երթալու՝ բան մը, զոր Կրեհեմ որակեց իբրեւ «իր կեանքի լաւագոյն իրադարձութիւններէն մէկը»:
Լինչ կ՛եզրափակէ իր զեկոյցը՝ պնդելով. «Պարզ է, որ թրքական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական գործողութիւններու յանձնաժողովներու համախմբուած ցանցը, որ կապեր ունի Էրտողանի ընտանիքին հետ, կը կարծէ, թէ Կրեհեմ արժանի է իրենց ժամանակի եւ քաղաքական նուիրատուութիւններու ներդրումին»:
Մենք չենք գիտեր 2016ին կատարուած «ԷՖ.Պի.Այ.»ի հետաքննութեան արդիւնքը, TASC-ի եւ թուրք-ամերիկեան այլ կազմակերպութիւններու վերաբերեալ, այսուամենայնիւ, կարծես թէ բաւարար հիմքեր կան ուսումնասիրելու անոնց կողմէ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքի հնարաւոր խախտումը՝ իբրեւ չարձանագրուած լոպիիստներ, օտարերկեայ կառավարութեան համար։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
«2017ին, Հայ Դատի յանձնախումբին ընդհանուր եկամուտը 850 հազար տոլար էր, սակայն կազմակերպութիւնը լոպիինկի համար վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, ամէն տարի ծախսած է միայն 120 հազար տոլար՝ LDA-ի բացայայտումներուն համաձայն»:
Շնորհակալութի՛ւն տեղեկութիւններուն համար, եւ քանի մը հարց՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին.-
— Նկատի ունենալով որ «Յանձնախումբ»ը արձանագրուած է իբրեւ 501 (գ) (4) ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն, որ կրնայ իր պիւտճէին մեծ մասը ծախսել լոպիինկի համար, ինչո՞ւ այդ նպատակին համար հայ ժողովուրդէն հանգանակուած գումարին ՄԻԱՅՆ 14%-ը ծախսուած է լոպիինկի համար.
— Մնացեալ 730 հազար տոլարը ի՞նչ ծրագիրներու համար կրնայ ծախսուած ըլլալ, երբ «Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ»ին ԳԼԽԱՒՈՐ (եթէ ոչ՝ միա՛կ) նպատակը պէտք է ըլլայ հայ դատի պահանջատիրութեան ճամփով՝ լոպիինկը.
— Աւելի քան տարի մը առաջ, երբ ՀԲԸՄ հրապարակեց իր տարեկան ծաւալուն հաշուետուութիւնը, «Ասպարէզ»ի նախորդ խմբագիր պրն. Աբօ Պողիկեանը անդրադարձաւ այդ գնահատելի երեւոյթին եւ յորդորեց որ մեր մնացեալ կազմակերպութիւնները եւս տարեկան հաշուետուութիւն կատարեն հանրութեան: Ցաւալի է որ առ այսօր հայկական ոեւէ կազմակերպութիւն չհետեւեցաւ ՀԲԸՄ-ի քայլին: Պրն. Յարութ Սասունեանի այս յօդուածէն ետք արդեօ՞ք «Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ»ը կը ձեռնարկէ նման քայլի: