ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով Գանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Էմմանուէլա Լամպրոպուլոսի հետ, վերջինիս Մոնթրէալի գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Վարանդ Եափուճեան: Նշենք, որ Գանատայի պատգամաւորին հետ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը քննարկեցին Գանատա-Հայաստան համագործակցութեան տարբեր բնագաւառները: