ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալէեմէզեանի հրաւէրով, Դեկտեմբեր 2ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետեր՝ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան հանդիպում մը ունեցան եւ քննեցին Լիբանանի ժողովրդային շարժումին եւ ընկերային-քաղաքական ու տնտեսական անցուդարձերուն հոլովոյթը եւ լիբանանահայութեան վրայ անոնց ազդեցութիւնը: Անոնք ընդգծեցին, որ ժողովրդային ցասումին ի պատասխան՝ պետութիւնը արագ եւ արմատական լուծումներ պէտք է գտնէ, որպէսզի լիբանանցին արժանապատիւ կեանք ունենայ:
Համայնքապետերը շեշտեցին, որ այս դժուարին փուլին լիբանանահայութիւնը հաւաքական ճիգերով պէտք է դիմագրաւէ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները: