ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Տիարիօ Արմէնիա».- Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Պուէնոս Այրեսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, անցեալ Կիրակի 30 Նոյեմբերին, Խրիմեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, առաւել քան 200 ներկաներով:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արեն վրդ. Շահինեան, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, Համազգայինի, Պատանեկան Միութեան եւ ՀՅԴ զանազան մարմիներու ներկայացուցիչներ:
Նախքան հանդիսութեան սկսիլը, «Մանուկեան» կոմիտէութեան շարքերը համալրեցին 7 նորագիրներ: Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան շրջանիս Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ առաջնորդութեամբ Ժանիկ Քէչեանի: Ուխտեալներուն կնքահայրն էր Յակոբ Թապաքեան: Ան իր ամփոփ խօսքին մէջ շեշտեց նորագիրներուն դաշնակցութեան միջոցաւ ազգին ծառայելու յանձնառութիւնը: Ան յորդորեց անոնց՝ նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ ծառայել ազգին եւ հայրենիքին:
Յաջորդաբար, խօսք ուղեց «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ակուսթին Անալեան, որ ըսաւ. «Այս երեկոյ, մենք կը նշենք տարեդարձը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129ամեայ ծառայական գործին: Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը եղած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի յառաջապահը: Արցախի ազատագրական պայքարին իր բերած անփոխարինելի ներդրումով եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի պետականութեանց իր անվերապահ զօրակցութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան, եւ այդ նուիրական գործին այսօր մենք կը միանանք՝ ապահովելով անոր շարունակականութիւնը:
«Այո՛, մեր պայքարը ազգային է. այնքան ատեն որ մեր ազգային ազատագրական պայքարը չէ հասած իր արդար լրումին, մենք պարտաւոր ենք նուիրաբերուիլ անոր, որովհետեւ մեր միջոցները հազիւ թէ բաւարար ըլլան անոր համար: Սակայն, Դաշնակցութիւնը երբե՛ք չի կրնար լուռ մնալ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման դիմաց եւ երբե՛ք չի կրնար իր պայքարը տեսնել անջատուած այդ իրողութենէն: Ուրեմն մեր տեսլականը վերջապէս ամբողջացնենք սիրելիներ‘ Ազատ, Անկախ, Միացեալ եւ Արդար Հայաստան կ՛ուզենք»: