ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 2019-2020 տարեշրջանի միջվարչական խորհրդակցական ժողովը եւ նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ 23-24 Նոյեմբերի շաբաթավերջին ընթացքին, Լավալի Հայ կեդրոնին մէջ, շրջանիս «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն հիւրընկալութեամբ:
Սոյն սեմինար-ժողովին մասնակցեցան Վենոուվըրէն, Լավալէն, Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Օթթաուայէն եւ Արեւելեան Ամերիկայէն ժամանած վարչական կազմերը եւ յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ դաշնակցական նորագիր երիտասարդներու մեծաթիւ փաղանգ մը, որոնց ընդահանուր թիւը կը հասնէր շուրջ 130ի:
Երկու օրերու վրայ երկարող սեմինարին աշխատանքները սկսան Շաբաթ առաւօտեան, երբ նորագիրները եւ վարչական պատասխանատուները ունկնդրեցին դասախօսութիւն մը՝ Գանատայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին: Ապա, մասնակցողները, բաժնուելով խմբակներու՝ հետեւեցան իւրաքանչիւրին յատուկ օրակարգերուն:
Մինչ վարչական կազմերն ու յանձնախումբերը ներկայացուցին իրենց տարեկան ծրագիրները եւ հետեւեցան կարգ մը գործնական աշխատանքներու վերաբերող դասախօսութիւններու, նորագիր անդամները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու պատմութեան, ծրագիրին եւ կանոնագրին, ԳԵՄի առաքելութեան, ներկայիս Հայաստանի մէջ քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ յառաջիկային Դաշնակցութեան ստանձնելիք դերին մասին:
Ժողովին աւարտին փոքր մասնաճիւղերուն իրավիճակը եւ կարգ մը հարցերու առնչութեամբ լուծումներ քննարկուեցան: