ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Պոլսոյ Փաստաբաններու միութեան անդամ խումբ մը ծայրայեղ ազգայնական թուրք փաստաբաններ յօդուած մը հրապարակեցին Նոյեմբեր 2019ի իրենց տեղեկագիրին մէջ՝ սպառնալով անգամ մը եւս Թուրքիայէն «տեղահանել» բոլոր հայերը:
Յօդուածին հեղինակը՝ Մուսթաֆա Չալիք կը գրէ, որ «տեղահանութիւնը» կ՛ըլլայ «ամէնէն մեղմ գործողութիւնը» հայերուն դէմ:
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հեղինակը զայն կը յիշատակէ՝ իբրեւ «տեղահանութիւն»: Յօդուածին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ «յաղթապսակ»:
Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով՝ Չալիք կ՛օրհնէ յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր չարագործներուն՝ «մեծ նահատակ Թալէաթ փաշային», Էնվէր փաշային եւ Պեհաէտտին Շաքիրի՝ ըսելով. «Մենք կը խոնարհինք բոլոր միութենականներուն (երիտթուրքերու) սուրբ յիշատակին առջեւ եւ կը համբուրենք անոնց օրհնուած ձեռքերը: Կը մաղթենք Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ յաւերժական երանութիւն դրախտի բոլոր անանուն (թուրք) նահատակներուն, որոնք զրկուեցան կեանքէն, հայկական կոտորածներուն ընթացքին»:
Այնուհետեւ Չալիք կը գրէ հետեւեալը. «Եթէ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէն (երիտթուրքերու) «յանցագործութիւն» կատարած է, անոնց միակ «յանցագործութիւնը»՝ Պալքաններու մէջ մեզ պատուհասած աղէտին կրկնութեան կանխումը եղած էր Արեւելեան Անաթոլիոյ մէջ»:
«Մենք կ՛աջակցինք 1915ի հայերու տեղահանութեան: Անոնք, որոնք տեղահանութիւնը կ՛անուանեն ցեղասպանութիւն, պատերազմի յայտարարութիւն կ՛ընեն: Հայերուն եւ միւսներուն, որոնք այս եղածը կ՛անուանեն ցեղասպանութիւն, կը սպառնայ նոր տեղահանութիւն մը, որ ամէնէն մեղմ միջոցը պիտի ըլլայ անոնց դէմ», կը հաստատէ յօդուածագիրը՝ աւելցնելով. «Մեր նախնիները Համաշխարհային պատերազմին մէջ մտան իրենց սուրբ հայրենիքը եւ պատիւը պաշտպանելու համար: Այդ մէկը մեր պատիւն ու գլխապսակն է բոլոր մարտերուն մէջ՝ Սարիղամիշէն մինչեւ Չանաքքալէ եւ հայերու տեղահանութենէն ետք մինչեւ Անկախութեան պատերազմ: Մենք յաւերժական հպարտութեամբ պիտի կրենք այս թագը»:
Չալիք կը շարունակէ՝ ըսելով. «Եթէ մենք կ՛ընդունինք, որ մեր հայրենիքը եւ ազգային գոյութիւնը պաշտպանելու ուրիշ ճամբայ չկայ, ով ալ ըլլանք, ամէնէն փոքր գոհունակութիւնը, զոր մեզի պիտի տայ՝ նոր տեղահանութիւնն է»:
Իր գիրքին՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջները» նախաբանին մէջ Չալիք 1915ի Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայերու պահանջները կը նկարագրէ՝ իբրեւ «լալկան գրականութիւն»: «Խոր արմատներով մեծ ազգերը չեն կրնար լալ եւ տրտնջալ: Անոնք խղճահարութիւնը եւ իրենց նկատմամբ խղճահարութեան ձգտումը կը նկատեն նուաստացուցիչ: Այդ իսկ պատճառով, «ողբացող եւ լալկան գրականութիւնը» կա՛մ չէ զարգացած, կամ ալ անհետացած է: Ասիկա լուրջ հարցերէն մէկն է: Երբեմն, մենք նոյնպէս՝ ազդուած հայկական ողբացող հարուստ գրականութենէն, անտեղիօրէն կը մեղադրենք մենք մեզ այն բանին համար, որ չենք հրատարակեր անոնց չափ: Իրականութեան մէջ, մենք չենք կրնար մրցիլ անոնց հետ, եթէ նոյնիսկ ուզենք: Մենք ունինք այնպիսի հսկայական «սգացող գրականութիւն», որ ոչ միայն կը վերաբերի հայկական վայրագութիւններուն, այլ նաեւ այլ աղէտներու, որոնք մեզի հետ կապ ունին: Փաստօրէն, կ՛ըսուի, որ թուրքերուն ցուցաբերած լռութիւնը դաշնակներու քարոզչութեան դէմ, որ տասնամեակներ շարունակ իրականացուած է ամբողջական թափով, գնահատուած է իբրեւ զրպարտութեան յանցագործութեան եւ Ցեղասպանութեան «ժխտողականութիւն», կը գրէ Չալիք:
Չալիքի յօդուածէն բացի, ծայրայեղ ազգայնական թուրք փաստաբաններու տեղեկագիրին մէջ կայ այլ յօդուած մը, որ գրուած է Ֆարուք Ուլքերի կողմէ, «1915ի Իրադարձութիւնները Եւ Հայկական Վայրագութիւնները» վերնագիրով:
«Հայկական հարցը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջը կը շարունակեն մնալ մեր ժողովուրդին ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն մէկը վերջին հարիւրամեակին ընթացքին», կը գրէ Ուլքեր: Ան Ցեղասպանութիւնը կ՛անուանէ «ինքնապաշտպանութիւն»: Յօդուածը կը մէջբերէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող Եուսուֆ Հալաճօղլուի յայտարարութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Տեղահանութիւններուն ընթացքին մահացած 300 հազար հայերը իրենց կեանքէն զրկուած են Կովկասի մէջ տարածուած հիւանդութիւններուն պատճառով»:
Կարծես թէ ժխտողական կեղծիքները բաւարար չէին, թրքական «Տէյլի Սապահ» թերթը, իր կարգին, 8 Դեկտեմբեր 2019ին հրապարակեց յօդուած մը «Թուրքիան Պէտք Է Աշխուժացնէ Ջանքերը՝ Զրպարտութեան Քարոզչութեան Պայքարի Մէջ» խորագիրով։
Թուրքիոյ կառավարութեան հաղորդակցութիւններու վարչութիւնը ստեղծեց 1915.gov.tr կայքը, անոր վրայ տեղադրելով նիւթեր, որոնք կը հերքեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը: «Տէյլի Սապահ»ը կը յայտարարէ հետեւեալը. «Թուրքիա դէմ է 1915ի միջադէպերը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» ներկայացնելուն, զանոնք աւելի շատ կը համարէ ողբերգութիւն, որուն պատճառով թէ՛ թուրքերը, թէ՛ հայերը կորուստներ ունեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմի թոհուբոհին մէջ»։
«Այս կայքը միջազգային ասպարէզին մէջ, բոլոր կարելի միջոցներով կ՛արձագանգէ մեր երկրին դէմ օգտագործուող Հայոց Ցեղասպանութեան յերիւրանքին՝ առաջին գիծ մղելով պատմական տեղեկատուութիւնը եւ տուեալները», ըսաւ նախագահի հաղորդակցութեան տնօրէն Ֆահրեթին Ալթուն, Շաբաթ օրը, Անթալիոյ ծովափնեայ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ուսումնական ծրագիրին ընթացքին:
«Օսմանեան կայսրութիւնը 1915ին Արեւելեան Անաթոլիոյ հայերը տեղափոխեց ապստամբութիւններէ ետք, անոնց մէկ մասը կողմ էր ռուսական բռնագրաւող ուժերուն: Տեղափոխութիւններուն ընթացքին բազմաթիւ հայեր զոհուեցան: Հայաստան ներողութիւն եւ փոխհատուցում կը պահանջէ, մինչդեռ Թուրքիա պաշտօնապէս հերքած է հայկական մեղադրանքները միջադէպերուն վերաբերեալ՝ ըսելով, որ թէեւ հայերը մահացան տեղափոխութիւններուն ընթացքին, նոյնպէս ալ շատ թուրքեր կորսնցուցին իրենց կեանքը Անաթոլիոյ մէջ հայկական աւազակախումբերու կողմէ իրականացուած յարձակումներուն ընթացքին: Թրքական կառավարութիւնը բազմաթիւ անգամներ կոչ ըրած է պատմաբաններուն՝ ուսումնասիրելու դարաշրջանին վերաբերող օսմանեան արխիւները, որպէսզի պարզեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կառավարութեան եւ անոր հայ քաղաքացիներուն միջեւ: Մերժելով «ցեղասպանութեան» մեղադրանքները՝ Թուրքիա պաշտօնապէս ընդունած է անցեալի դէպքերը՝ իբրեւ մեծ ողբերգութիւն, երբ երկու կողմերն ալ մեծ կորուստներ ունեցած են, անոնց շարքին՝ մահմետական հարիւրաւոր թուրքեր», կը գրէ «Տէյլի Սապահ»ը:
«Տէյլի Սապահ»ը կը մէջբերէ նաեւ Ալթունը՝ նշելով, որ Թուրքիա կ՛ուժեղացնէ իր ջանքերը երկիրը թիրախաւորող հայերուն դէմ: «Մենք պէտք է աւելի ուժեղ պայքար մղենք մութ քարոզչութեան դէմ», կը գրէ թերթը:
«Աւելի կարեւոր է, որ Թուրքիոյ բանակցային ուժը միջազգային ասպարէզին մէջ աճ արձանագրէ՝ իբրեւ արդիւնք տարածաշրջանին մէջ անոր հզօրութեան աճին: Մեր նպատակն է իրականացնել բարձրորակ, արժէքաւոր աշխատանք, որ կը համապատասխանէ մեր երկրի վերելքին, որ ձայն ունի տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ», յայտարարեց Ալթուն:
Վերոյիշեալ նիւթերէն մենք պէտք է երկու եզրակացութիւն հանենք.
- Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, որ «արիւնոտ թուրքը» վերջին 100 տարիներուն ընթացքին շատ չէ փոխուած, ճիշդ են, այն բացառութեամբ, որ մենք պէտք չէ ընդհանրացնենք բոլոր թուրքերը: Կան բազմաթիւ թուրքեր, որոնք արդարամտօրէն եւ պատրաստակամօրէն կ՛ընդունին հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն դէմ ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնները: Այսուամենայնիւ, կան թուրք պաշտօնեաներուն կուրօրէն հետեւող բազմաթիւ այլ թուրքեր, որոնք միտումնաւոր կերպով կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական թուրքերու լաւագոյն օրինակներ են այս երկու յօդուածներուն վերոնշեալ հեղինակները եւ Էրտողանի թրքական կառավարութեան կողմէ գործարկուած կայքը, որ նախատեսուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար:
- Նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութիւններու տնօրէն Ֆահրեթին Ալթուն կըյայտարարէ, որ Թուրքիոյ հեղինակութեան աճին զուգընթաց՝ երկիրը դարձած է աւելի ուժեղ պետութիւն: Թէեւ, ցաւօք, ասիկա ճիշդ է, բայց այս իրողութիւնը պէտք է անխոնջ աշխատանքի մղէ ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը սիրող աշխարհի բոլոր մարդիկը, որպէսզի բացայայտուի Թուրքիոյ բարբարոսական իրական բնոյթը ո՛չ միայն 100 տարի առաջ, այլ նաեւ այսօ՛ր, Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ՝ ընդդէմ քիւրտերու եւ քրիստոնեաներու: Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան հակասելը եւ զայն թուլցնելը պէտք է ըլլան պատմական արդարութեան հաստատման հիմնական նպատակներէն մէկը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ