ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
1915ի Ցեղասպանութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը առաջին անգամ ըլլալով, 12 Դեկտեմբեր 2019ին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը՝ հանրապետական տարբեր ծերակուտականներու կողմէ երեք շաբաթ անընդհատ Սպիտակ տան պահանջով զայն արգելափակուելէ ետք:
Այդ ժամանակէն սկսեալ, ես անթիւ հեռաձայններ եւ ելեկտրոնային նամակներ ստացայ հայերէ, որոնք կը հարցնէին, թէ այս բանաձեւը իր ուղեկից բանաձեւին հետ միասին, որ մեծամասնութեամբ ընդունուած է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 29 Հոկտեմբեր 2019ին, արդեօք այժմ պիտի ներկայացուի նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ստորագրութեան համար։
Նախապէս շատ գրած եմ այս թեմային մասին, սակայն կարիք կայ կրկնելու, որ այս երկու բանաձեւերը «առանձին» բանաձեւեր են եւ ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք Սպիտակ տուն չեն յղուիր եւ նախագահէն չի պահանջուիր ստորագրել զանոնք: Այս երկու բանաձեւերուն վերջակէտն է: Եթէ այս երկու բանաձեւերը ներկայացուէին Քոնկրեսին երկու տուներուն՝ իբրեւ «Համատեղ Բանաձեւ», ստորագրութեան համար պէտք է այնուհետեւ ներկայացուէին նախագահին:
Այսուամենայնիւ, անկախ բանաձեւի տեսակէն, եթէ Թրամփ ուզէ, կրնայ օգտագործել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը 24 Ապրիլ 2020ի իր ամէնամեայ ուղերձին մէջ:
Թէեւ 29 Հոկտեմբեր 2019ին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը երրորդ անգամն էր, որ ընդունուած է, Ծերակոյտին բանաձեւը 12 Դեկտեմբեր 2019ին պատմական է, որովհետեւ 1915էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ծերակոյտը այսպիսի բանաձեւ ընդունած է՝ օգտագործելով Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը: Աւելին, այս երկու «առանձին» բանաձեւերը օրէնքի ուժ չունին, հետեւաբար, որեւէ իրաւական հետեւանք չունին: Անոնք պարզապէս կը համարուին «Քոնկրեսին կարծիքը»:
Այս երկու բանաձեւերուն ընդունումը եւ միջազգային լրատուական միջոցներու կողմէ անոնց լուսաբանումը զայրացուցին Թուրքիոյ կառավարութիւնը: Որոշ թուրք պաշտօնեաներ յայտարարութիւններ տարածեցին՝ դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ սպառնալով ամերիկեան զօրքերը վռնտել Թուրքիոյ օդանաւային երկու խարիսխներէն։ Թուրք պաշտօնեաները փորձեցին նաեւ նուազագոյնի հասցնել այս բանաձեւերուն կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ անոնք «ընդհանրապէս ոչ մէկ արժէք ունին»: Թրքական կառավարութիւնը այնքան հեռու գնաց, որ ստիպեց իր խորհրդարանին բանաձեւ ընդունելու՝ դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչնալուն համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ կանչեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի դեսպան Տէյվիտ Սեթըրֆիլտը՝ ըսելով անոր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները՝ նոյն ժամանակ պնդելով, որ բանաձեւը «ընդհանրապես որեւէ արժէք չունի»: Այդ պարագային ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը տարիներ շարունակ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ լոպիիստներու վրայ՝ փորձելով արգելափակել բանաձեւին ընդունումը Քոնկրեսին մէջ: Ինչպէ՞ս կրնայ «անարժէք» բանաձեւը վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, եւ ինչո՞ւ Թուրքիա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կը սպառնայ՝ վռնտել զայն թրքական օդանաւային խարիսխներէն:
Նոյնքան վիրաւորական են Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու կողմէ Ծերակոյտին բանաձեւին վրայ կատարուած յարձակումները: «Բանաձեւին ընդունումը պատմական փաստերը կեղծելու փորձ է եւ անոր գործածումը՝ իբրեւ քաղաքական ճնշման միջոց», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Լէյլա Ապտուլլաեւա: Բանաձեւը «կը ծառայէ միայն հայկական լոպիի շրջանակներու աղտոտ նպատակներուն», աւելցուց ան: Հայաստանի պաշտօնեաները պէտք է խիստ արձագանգեն՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի ժխտողական յայտարարութիւնը, որ Ատրպէյճանը կը դարձնէ Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան յանցակից՝ դէպքէն ետք: Իբրեւ պատիժ, Հայաստան պէտք է յայտարարէ, որ ժամանակաւորապէս կը սառեցնէ Արցախի վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ:
Թէեւ կը սպասուէր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խարազանէր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը, մեզ կը ցաւցնէ այն փաստը, որ Պոլսոյ նորընտիր Հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան երկար հարցազրոյց տուաւ թրքական «Սապահ» թերթին՝ Ծերակոյտին բանաձեւը անուանելով «ոչ այնքան բարոյական»: Թէեւ հասկնալի է, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ պատանդներ են՝ զրկուած մարդկային հիմնական իրաւունքներէ, այսուամենայնիւ, պատճառ չկար, որ պատրիարքը, որ ընտրուած էր Ծերակոյտին՝ բանաձեւը ընդունելէն միայն օր մը առաջ, այդքան ջանք թափէր՝ թութակի պէս կրկնելով Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քարոզչութիւնը։ Ան ոչ միայն դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, այլ նաեւ ըսաւ այնպիսի վիրաւորական բաներ, ինչպէս՝ կոչ, որպէսզի պատմական յանձնաժողովը ուսումնասիրէ, թէ արդեօք տեղի ունեցա՞ծ է ցեղասպանութիւն, կեղծ պնդում, որ որոշ հայեր ռուսական զօրքերու կողմը եղած են օսմանեան ուժերուն դէմ գրոհելու ատեն, մեղադրանք հայերուն եւ թուրքերուն՝ զիրար կոտորելու մէջ, նաեւ կոչ՝ հայերուն եւ թուրքերուն՝ համատեղ լուծում գտնելու առանց «երրորդ կողմերու» միջամտութեան եւ աջակցութիւն՝ տխրահռչակ հայ-թրքական արձանագրութիւնները ընդունելու, երկու երկիրներուն կողմէ:
Ասոնք բոլորը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ յառաջ մղուած առարկութիւններ են: Մաշալեան պատրիարքը իր հարցազրոյցին աւարտին յայտարարեց. «Ես քաղաքական գործիչ չեմ, այս (հարցին մէջ) կայ քաղաքական երեւոյթ»: Մաշալեան պէտք է հրաժարէր «Սապահ»ի հետ հարցազրոյց ունենալէ՝ պարզապէս յայտարարելով, որ ինք հոգեւոր առաջնորդ է եւ չ՛ուզեր առնչուիլ քաղաքական հարցերու հետ։
Ինչ կը վերաբերի պատրիարքին այն առաջարկին, որ երրորդ երկիրները պէտք չէ ներգրաւուին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ, ամբողջապէս սխալ է: Եթէ չըլլային Սփիւռքի լոպիիստական ջանքերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, աշխարհը արդէն շատոնց մոռացութեան մատնած կ՛ըլլար այս հարցը։ Ժխտողականներու եւ ստախօսներու կողմը ըլլալու փոխարէն, Մաշալեան պատրիարքը պէտք է անխոնջ աշխատանք տանէր նոյնինքն Թուրքիոյ ներսը ճշմարտութիւնը հաստատելու համար: Ասիկա ամէնէն քիչն է, զոր կարելի է ակնկալել Աստուծոյ մարդէն։ Վերջապէս, թէեւ պատրիարքը թութակի պէս կը կրկնէր թրքական ժխտողական դիրքորոշումները, մենք վստահ չենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իրականութեան մէջ ճնշում կը գործադրէ անոր վրայ թէ ոչ, որպէսզի հարցազրոյց տայ «Սապահ»ին: Թերեւս ան ինքնակամօրէն կատարած է այդ, որպէսզի առաւելութիւններ շահի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ՝ ակնկալելով, որ Անգարա շուտով կը հաստատէ իր ընտրութիւնը իբրեւ պատրիարք: «Այս համայնքին մէջ ոչ ոք կը փափաքի քուէարկել պետութեան կողմէ հաւանութեան չարժանացած ոեւէ պատրիարքի օգտին», «Սապահ»ին ըսաւ Մաշալեան: Կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ պատրիարքը հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ։
Որովհետեւ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները շտապեցին շնորհաւորել Պոլսոյ նորընտիր պատրիարքը, կ՛ուզէի գիտնալ, թէ արդեօք «Սապահ» թերթին Մաշալեանի տուած վախկոտ յայտարարութիւններէն ետք, երկու կաթողիկոսները յետս չե՞ն կոչեր իրենց շնորհաւորանքները եւ չե՞ն դատապարտեր Հայոց պատրիարքին ժխտողական յայտարարութիւնները։
Հայաստանի պետական պաշտօնեաները, ներառեալ նախագահը, վարչապետը եւ արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկան յայտարարութիւններով՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ ամերիկահայերուն՝ Ցեղասպանութեան բանաձեւին աջակցելնուն համար: Մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ բանաձեւին ընդունումը կը նուազեցնէ Հայաստանի ապահովութեան գծով թրքական սպառնալիքը, ան, դժբախտաբար, աւելցուց, որ կը զօրակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ «առանց նախապայմաններու»: Եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պաշտպանէ Հայաստանի ապահովութիւնը, ապա ինչո՞ւ պէտք է վարչապետը ըսէ, թէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու օրակարգի հարց չէ»:
Յաջորդ քայլերուն առումով, ժամանակն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը դիմէ Համաշխարհային դատարան (Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան)՝ պահանջելով Թուրքիայէն բոլոր այն բաները, զորս հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով: Անոնք են.
1) Վճարել դրամական հատուցում Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու դիմաց.
2) Վերադարձնել զոհերու ժառանգներուն բոլոր անձնական ունեցուածքները, ինչպէս՝ տուները, ագարակները, դրամատնային հաշիւները եւ դրամատնային պահարաններուն մէջ գտնուած արժէքաւոր իրերը.
3) Վերադարձնել եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ գերեզմանատուները Թուրքիոյ հայ համայնքին.
4) Ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը եւ զայն միացնել Հայաստանի Հանրապետութեան։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ