ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշին գոյներով շաքարի յայտնի քանդակը պիտի զարդարէ Երեւանը: Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատրեան:
Ըստ անոր՝ շաքարը նուէր տրուած է Հայաստանի կառավարութեան, եւ 25 Դեկտեմբերին, «Տաշիր Սթրիթ»ի մէջ պիտի կատարուի անոր բացումը: «Կարծում եմ, որ եւս մէկ ուրախ կէտ կ՛աւելանայ մեր քաղաքում», յայտնեց Խաչատրեան:
Լորենս Ճենքըլի ստեղծագործութիւնները զարդարած են Փարիզի Ժորժ V յայտնի պողոտան: Անոնք հոն ցուցադրուած էին 15 Հոկտեմբերէն 14 Նոյեմբեր։ Քանդակին հեղինակը եռագոյն շաքարի արձանը կոչած է՝ «Շաքար. Հայաստանի դրօշը»: