ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դատարանը բաւարարած է օտարերկրացիներու կողմէ երեխաներու ապօրինի որդեգրման դէպքերուն առթիւ յարուցուած քրէական գործով՝ Երեւանի 1976 ին ծնած բնակչուհիին նկատմամբ՝ որպէս խափանման միջոց կալանաւորում ընտրելու վերաբերեալ քննիչին միջնորդութիւնը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Քննչական կոմիտէի հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետի պաշտօնակատար Նայիրա Յարութիւնեան:
Կինը կը մեղադրուի ծնողներէն երեխան ապօրինի կերպով բաժնելու յանցանքով։