ՊՈԼԻՍ.- «Սքայ Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտին յայտարարեց. «Թուրքիա կը ջանայ բռնագրաւել սուրիական հողերը եւ հիւսիսային Սուրիան բռնակցել: Անիկա հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն տեղահանման եւ ցեղային մաքրագործման գործողութիւններ կը գործադրէ։ Միլիոնաւոր սուրիացիներու տեղահանութեան պատճառը թրքական վարչակազմն է, եւ Անգարա գաղթականներու հարցը կը շահագործէ՝ իբրեւ Արեւմուտքին վրայ ճնշման խաղաքարտ»:
«Պատրաստ ենք հիւրընկալելու սուրիացի բոլոր տեղահանուածները, մինչեւ տագնապին լուծումը», ընդգծեց Ապտի՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիան էր, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան արտօնեց ազատօրէն ընդարձակելու իր գործունէութեան դաշտը, ինչպէս նաեւ առիթ տուաւ անոր անդամներուն, որ մասնակցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումներուն։