ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՆԻԱ Նովոսթի».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ գործադրած է քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները թուրք-սուրիական սահմանի շրջանէն դուրս բերելու վերաբերեալ իր յանձնառութիւնը:
«Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները թուրք-սուրիական սահմանէն 30 քիլոմեթրով հեռացուեցան, իսկ սուրիական ուժերը եւ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը մուտք գործեցին Այն Արապի եւ Ճեզիրէի շրջանները», աւելցուց նախարարութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող տարածքին մէջ հողերու ազատագրումը կը յանգեցնէ ռուսական զինուորական ոստիկանութեան կողմէ իրականացուող առաքելութեան շրջագիծի ընդլայնման, իսկ այդ ուժերը այժմ հսկողութիւն կը կատարեն Այն Արապ եւ Ճազիրա շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կը հսկեն թրքական «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան սահմանին երկայնքին զինադադարի նկատմամբ յանձնառութեան:
«Այս հարցը կը պահանջէ ռուսական զինուորական ոստիկանութենէն յաւելեալ ուժերու մասնակցութիւնը, ժամանակաւոր կերպով», նշեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: