ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Կիպրոսի զէնքի մատակարարման տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած արգելքին ջնջումը շրջանին մէջ «վտանգաւոր մագլցումի ճամբայ կը հարթէ»:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Կիպրոսի ամերիկեան զէնքի մատակարարման արգելքը վերցնելու փորձերը միայն պատճառ պիտի դառնան կղզիի հարցին լուծում գտնելու ջանքերու ջլատման։ «Սպառնալիքի լեզուն պատճառ պիտի չըլլայ, որ Թուրքիա իր ազգային ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար պէտք եղած միջոցառումները որդեգրելու վճռակամութենէն հեռանայ։ Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ ոչ ոք թող կասկած ունենայ, թէ Թուրքիա իր դէմ առնուած քայլերուն նկատմամբ անհրաժեշտ քայլերը պիտի չորդեգրէ», ազդարարեց նախարարութիւնը: