ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Կամաւորներու Օրուան նուիրուած միջոցառումը՝ ՀՕՄի կեդրոնին մէջ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց յանձնախումբի անդամ Աստղիկ Շիթիլեան, որ ողջունեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը եւ մօտաւորապէս 60 ներկաները: Բարի գալուստ մաղթելէ եւ օրուան ձեռնարկին նպատակը փոխանցելէ ետք, Ա. Շիթիլեան ներկայացուց միջոցառումը համադրող Ժան Գոսագեանի հակիրճ կենսագրականը եւ հասարակական գործերու մէջ անոր ունեցած բազմաթիւ ծառայութիւնները, ընդգծելով, թէ ան եղած է ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան առաջին վարիչ քարտուղարը եւ այժմ տնօրէնն է Ս. Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարանին:
Ստանձնելով երեկոյթին համադրումը, Ժան Գոսագեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ Դաստիարակչական յանձնախումբին, որ այսպիսի ձեռնարկով մը հանրութեան առիթը կու տայ ծանօթանալու գաղութի հսկայական կազմակերպութիւններու կամաւոր աշխատանքներուն: Գոսագեան ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի Սփիւռքի մէջ եւ իր հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւնները տարիներէ ի վեր կը մատուցեն իրենց ծառայութիւնը, գաղութը հզօրացնելու նպատակով»: Ապա, ան ներկայացուց զեկուցաբերները:
Առաջին խօսնակն էր իրաւաբան Այգ Տիքիճեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, որ առաջին հերթին անդրադարձաւ միայն քանի մը ժամեր առաջ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ճանաչման, որ Հայ Դատի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքներուն արդիւնքն է: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց շրջանի այլ ծրագիրները, քաղաքական գետնի վրայ գաղութներու կազմակերպումը եւ տարուած աշխատանքները, ինչպէս՝ Հայ Դատի խորհրդաժողովները (Grassroots Conference) եւ 2020ի մարդահամարը, եւ այլն:
Երկրորդ խօսնակն էր Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի ատենապետ Արամ Մանուկեան, որ անդրադարձաւ երիտասարդական եւ պատանեկան կառոյցներու տարբեր աշխատանքներուն՝ հայրենիքի եւ գաղութին մէջ, որոնց շարքին են՝ ՀԵԴ Ճամբարը, «Մեր Զինուորներու Կողքին» ծրագիրը եւ Թուրքիայէն օտար ներդրումները ետ քաշելու նպատակով սկսած արշաւը՝ Divest Turkey-ն:
Երրորդ խօսնակն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի ատենապետ Քնար Քորթոշեան, որ ներկայացուց հայ մշակոյթին բարգաւաճման նպատակով Համազգայինի զանազան մասնաճիւղերու աշխատանքները եւ նուաճումները՝ երաժշտութեան, արուեստի, ժամանակակից թատրոնի, պարախումբի, հայկական աւանդոյթներու եւ հայոց լեզուի պահպանման մարզերուն մէջ:
Ապա, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի անդամ Նորա Չափարեան խօսեցաւ սկաուտական եւ մարզական զանազան ծրագիրներու մասին, կեդրոնանալով սերնդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքներուն վրայ: Ան նաեւ նշեց ՀՄԸՄի նորաստեղծ «Հրաշք»ը, որ առիթ կ՛ընծայէ յատուկ կարիքներ ունեցող խումբ մը պատանիներու, որպէսզի մասնակցին մարզական խաղերուն:
Օրուան վերջին խօսնակն էր Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան քարտուղար Մարալ Թուլումեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՕՄի մարդասիրական եւ բարեսիրական առաքելութիւնը եւ կամաւոր աշխատողներու նուիրումը ու դերակատարութիւնը։ Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց տեղական մակարդակի վրայ շրջանի կազմակերպչական եւ յատկապէս գաղութին կարիքները գոհացնելու նախաձեռնութիւնները, եւ Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ իրագործուած գլխաւոր ծրագիրները:
Իրենց խօսքերուն մէջ բոլոր զեկուցաբերները կիսեցին իրենց կատարած աշխատանքները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին կամաւոր անդամներուն, որոնց անսակարկ նուիրումով մեր կազմակերպութիւնները կ՛առաջնորդուին եւ որոնք բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին այլազան աշխատանքներու՝ գաղութի եւ հայրենիքի բարելաւման համար, առիթը ընծայելով կազմակերպութիւններուն՝ արձանագրելու նոր յաջողութիւններ:
Զեկուցաբերները շեշտեցին, որ փոխուած են աշխատանքային ոլորտը, պայմանները, մօտեցումները եւ հետեւողական աշխատանք տանելու եւ նոր կամաւորներ հրապուրելու համար անհրաժեշտ է անդամակցութեան շարքերը խտացնել եւ քարոզչական մեր կառոյցը վերահունաւորել:
Ներկայացուեցաւ նաեւ խորհրդածութիւն կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն վերաբերեալ եւ այս յարափոփոխ ժամանակներուն հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Աւարտին, Գոսագեան կատարեց եզրափակիչ վերլուծում-համադրումը եւ առիթը տուաւ ներկաներուն, որպէսզի իրենց հարցումները ներկայացնեն:
Շահագրգիռ եւ արդիւնաւէտ քննարկումներու ու հարց-պատասխանի ժամանակ ներկայացուեցան քանի մը կարեւոր հարցեր, խօսուեցաւ նաեւ այլ խնդիրներու մասին:
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան նաեւ հայ երիտասարդութիւնը համայնքին մէջ կամաւոր աշխոյժ գործունէութեան մղելու ջանքերը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան փոխ ատենապետ Արշօ Աւագեան յանձնեց յատուկ գնահատագիր բոլոր զեկուցաբերներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն: Քննարկումին աւարտէն ետք, ներկաները շարունակեցին իրենց խորհրդակցութիւնները զեկուցաբերներուն եւ համադրողին հետ ապա վայելեցին մատուցուած համեղ հիւրասիրութիւնը:
Բիւր յարգանք եւ շնորհակալութիւն մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք անվերապահօրէն եւ անխոնջ կը ծառայեն իրենց համայնքին եւ հայրենիքին:
Սոյն կազմակերպութիւններուն կամաւոր կերպով միանալու համար՝ հետաքրքրուողները կրնան այցելեց հետեւեալ կայքերը.
– Հայ Դատ՝ www.ancawr.org
– ՀԵԴ՝ www.ayfwest.org
– Համազգային՝ www.hamaz kayin.net
– ՀՄԸՄ՝ www.homenetmen.net
– ՀՕՄ՝ www.arswestusa.org։