ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Պեշիր Սարգիսին։ Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Մովսէս քհնյ. Շաննագեան եւ Թորոս Քէչէճեան, որ Ազգային վարչութեան նախկին անդամ է եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ու Լիբանանի հիւպատոսարանին միջեւ գլխաւոր կապը։
Առաջնորդ սրբազանը նախ շնորհաւորեց գլխաւոր հիւպատոսը իր նոր պաշտօնին նշանակման առթիւ եւ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։ Ան նաեւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան իր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ հրաւիրեց զինք՝ 6 Յունուարին ներկայ գտնուելու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր Ս. պատարագին եւ երեկոյեան Մոնթեպելլոյի մէջ կազմակերպուած առաջնորդ սրբազան հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիք»ին։
Գլխաւոր հիւպատոսը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, իր այցելութեան եւ հրաւէրին, ինչպէս նաեւ պաշտօնի նշանակման առիթով շնորհաւորական նամակին համար։ Ան նոյնպէս փոխադարձաբար բարեմաղթանքներ կատարեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։
Այնուհետեւ, հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ-ամերիկեան եւ լիբանանեան-ամերիկեան համայքներուն միջեւ համերաշխութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան։ Խօսելով Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին, առաջնորդը եւ հիւպատոսը մաղթեցին, որ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը վերստին տիրեն, իսկ երկիրը շարունակէ բարգաւաճիլ ու ծաղկիլ։
Հանդիպման աւարտին, սրբազանը հիւպատոսին նուիրեց «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն. Պատմութիւն, Գանձեր եւ Առաքելութիւն» խորագրեալ պատկերազարդ հատորը։