ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Կարճատեւ աշխատանքային այցելութեամբ Եգիպտոս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Գահիրէի մէջ, հանդիպումներ ունեցաւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ։
Նախարարը ներկայացուց Արցախի մէջ հարկային քաղաքականութիւնը եւ մեծ ներդրողներու համար գործող արտօնեալ պայմանները: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում Արցախի տնտեսութեան որոշ ոլորտներու մէջ ներդրումներու իրականացման հեռանկարներուն վերաբերեալ:
Այցելութեան ծիրին մէջ, Մասիս Մայիլեան հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի Հարաւային Սինայի նահանգապետ Խալետ Ֆուտա Սիտիք Մուհամատի հետ: Ան բարձր գնահատեց Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական համայնքին նկատմամբ աւանդական բարեկամական վերաբերմունքը՝ նշելով երկրի զարգացման առումով հայերուն ունեցած կարեւոր ներդրումը եւ դերակատարութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի տնտեսական զարգացման առաջնահերթ ուղղութիւնները: Այս պարունակին մէջ, արտաքին գործոց նախարարը, յատկապէս առանձնացնելով զբօսաշրջութեան ոլորտը, անդրադարձաւ Արցախի զբօսաշրջութեան գրաւչութեան բարձրացման վերաբերեալ հանրապետութեան մէջ իրականացուող տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններուն, որոնք բաւական գոհացուցիչ արդիւնքներ կ՛ապահովեն։
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք՝ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան հաստատման եւ զարգացման գծով։
Գահիրէի մէջ Մասիս Մայիլեան նաեւ այցելեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի հետ: