ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ազգային անվտանգութեան մարմիններու աշխատողի օրուան առթիւ՝ հաստատելով, որ անվտանգութեան մարմինները եղած են եւ կը մնան պետականութեան հիմնասիւն-կառոյցներէն մէկը:
Ան շեշտեց, որ մինչ ժամանակակից աշխարհը կ՛ընթանայ խելայեղ արագութեամբ, կը բազմանան մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները, կը փոխուին անոնց բնոյթը եւ դրսեւորման ձեւերը, անփոփոխ կը մնայ ազգային, պետական շահը, «որը պէտք է լինի իւրաքանչիւրիս եւ, յատկապէս, ազգային անվտանգութեան մարմինների աշխատակիցների աներեր ուղեցոյցը»:
«Անվտանգութեան մարմինների գործունէութեան առանցքում են երկրի ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, սահմանադրական կարգի պահպանութիւնն ու քաղաքացիների իրաւունքների եւ ազատութիւնների ապահովումը: Շատ բան է կախուած նաեւ անվտանգութեան ծառայութեան համակարգի իւրաքանչիւր աշխատակցի նուիրումից, անձնական գործողութիւններից, պարտքի ու պատասխանատուութեան գիտակցումից, արհեստավարժութիւնից, բարոյական կերպարից: Հաշուի առնելով նոր տեխնոլոգիաների (արհեստագիտութիւններու-Խմբ.) ու գաղափարների մրցավազքը եւ մրցակցութիւնը, պէտք է կարողանալ արդիւնաւէտ համադրել փորձը, գիտելիքը եւ տեխնոլոգիաները», յայտնեց ան։
Ուղերձի աւարտին, ան ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մաղթեց առողջութիւն, յաջողութիւն, խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն։