ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Մայամի Պիչ քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Արդարեւ, քաղաքապետական խորհուրդը ընդունեց բանաձեւ մը, որուն նպատակն է ճանաչման միջոցով յարգանքի տուրք մատուցանել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Բանաձեւի նախագիծը ներկայացուց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարք Սամուէլեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քոնկրեսին եւ Մայամի Պիչի իշխանութեանց՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար: