ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Արցախի «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւնը 23 Դեկտեմբերին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ 2020ի Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրել կուսակցութեան ղեկավար Վահան Բադասեանի թեկնածութիւնը:
Այս թեկնածութեան առաջադրումը կատարուեցաւ միաձայնութեամբ:
Յայտարարուեցաւ, որ բոլոր բնակավայրերուն մէջ քարոզարշաւի մեկնարկը պիտի տրուի «Միացում» կարգախօսով։