ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 21 Դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի կազմաւորման 25ամեակին նուիրուած հանդիսութեան: Վարչապետը նաեւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի ընկերակցութեամբ այցելեց պաշտպանութեան զօրամասը, ուր անոր ներկայացուցին Հայաստանի զինուած ուժերուն հակաօդային եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան նորագոյն սպառազինութիւնները:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց բանակը նորագոյն զինատեսակով եւ միջոցներով համալրելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները եւ ընդգծեց, որ այդ ընթացքը պիտի կրէ հետեւողական ու շարունակական բնոյթ:
Վարչապետը հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նոր առաջադրանք ներկայացուց զինուած ուժերուն՝ շեշտելով, որ հայոց բանակը պէտք է ըլլայ աշխարհի մէջ ամէնէն զարգացածներէն եւ մտաւորական յատկութիւններով օժտուածներէն մէկը: Ըստ անոր՝ պատմութեան ամբողջ ընթացքին ռազմական գործը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ ամէնէն մտաւորական գործերէն մէկը, եթէ ոչ՝ ամէնէն մտաւորականը:
Ան շեշտեց, որ մարդկութեան պատմութեան առաջին օրերէն մինչեւ այսօր ինքնին անվտանգութեան կարիքներն են, ռազմական գործն է քաղաքակրթութեան զարգացման մեծագոյն խթանը: Այս փուլին, երբ Հայաստանի զինուած ուժերը սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգի զարգացման, մարտունակութեան զարգացման բոլորովին նոր փուլ թեւակոխած են, մտաւորական աշխատանքը պէտք է դառնայ մեր բանակի զարգացման կարեւորագոյն առանձնայատկութիւններէն մէկը: Ըստ Փաշինեանի՝ երբ կ՛ըսենք, որ Հայաստանի զինուած ուժերը՝ հայոց բանակը, պէտք է ըլլան մարտունակ, միջազգային բարձրագոյն չափանիշներուն համապատասխան, նախ եւ առաջ նկատի ունինք այն, որ Հայաստանի բանակը պէտք է մարտունակ ըլլայ մտաւորական առումով: Հայոց բանակը պէտք է ըլլայ աշխարհի ամէնէն մտաւորականներէն եւ զարգացածներէն մէկը:
Փաշինեան նշեց, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան համալսարանի բազմաթիւ շրջանաւարտներ փառապանծ ծառայութիւն կը կատարեն զինուած ուժերուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ համալսարանը հիմնուած է այն ժամանակաշրջանին, երբ հայոց բանակը կազմաւորման փուլի մէջ էր, նոյն վիճակին մէջ էր Արցախի պաշտպանութեան բանակը, որ նոյն ժամանակ յաղթանակներ կը կերտէր։
Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ, վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ այս համալսարանը, այս կրթօճախը հիմնուած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի փառահեղ յաղթանակին վրայ, եւ այս շինութիւնը՝ իբրեւ հայոց պետականութեան, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ողնաշար պէտք է ամրանայ, կառուցուի եւ ամուր կանգնի հայ ժողովուրդի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ: Ան նշեց, որ ռազմական համալսարանի հազարաւոր շրջանաւարտներ փառապանծ ծառայութիւն կը կատարեն բանակին մէջ: Այդ ծառայութեան վրայ հիմնուած է այսօրուան հզօր, մարտունակ, ինքնավստահ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը, Արցախի պաշտպանութեան բանակը։