ԱՊԻՃԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ գաղութատիրութիւնը «Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ գործուած մեծ սխալ մըն էր»՝ կոչ ուղղելով Ֆրանսայի եւ ափրիկեան ցամաքամասին մէջ անոր նախկին գաղութներուն միջեւ «նոր էջ մը բանալու»:
Մաքրոն Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Օթարայի հետ Ապիճանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ գաղութատիրութեան սերունդը չէ: Ափրիկեան ցամաքամասը երիտասարդ ցամաքամաս է: Ձեր երկրին զաւակներուն երեք քառորդը գաղութատիրութիւնը երբեք չէ ճանչցած»: Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ «այս երիտասարդ Ափրիկէն համաձայն կ՛ըլլայ նոր Ֆրանսայի հետ գործընկերութիւն եւ շատ աւելի արդիւնաւէտ բարեկամութիւն հաստատելու»: