ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Սուրիական բանակը Իտլիպի հարաւ-արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ «Ճապհաթ Նուսրա»ի հետ բախումներէ ետք, նոր գիւղեր ազատագրեց, կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Սուրիական բանակը այժմ միայն 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ճարճանազ գիւղէն, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալներու կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը կը նկատուի:
Սուրիական բանակը կը շարունակէ Իտլիպի հարաւ-արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ իր գործողութիւնները եւ վերատիրացած է շարք մը գիւղերու: Կը սպասուի, որ Մաարաթ Նոհման քաղաքին հիւսիսը, սուրիական բանակը եւ անոր դաշնակիցները նոր ճակատ մը բանան՝ ազատագրելու համար Հալէպ-Դամասկոս մայրուղիին վրայ գտնուող Սարաքեպ քաղաքը: