ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի վարչապետ նշանակուելէն 48 ժամ ետք, Հասան Տիապ Շաբաթ օրը, խորհրդարանին մէջ կատարեց կառավարութեան կազմութեան ոչ-պարտադիր խորհրդակցութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանը կազմող քաղաքական բոլոր խմբակներուն եւ անհատ երեսփոխաններու հետ:
Տիապ հանդիպեցաւ բոլորին հետ եւ իմացաւ անոնց տրամադրութիւնը՝ նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Խորհրդակցութիւններէն ետք Տիապ շեշտեց, որ իր նպատակն է ամէնէն արագ միջոցին կազմել «լիբանանցիներուն գոյներով սեղմ կառավարութիւն մը», որ բաղկացած պիտի ըլլայ շուրջ 20 նախարարներէ, եւ անիկա պիտի գործէ անկախօրէն:
Միւս կողմէ, Տիապի վարչապետ նշանակումը մերժող ցուցարարները շաբաթավերջին շարունակեցին իրենց խուլիկանութիւնները եւ Պէյրութի զանազան շրջաններ եւ հրապարակներ վերածեցին կռիւի դաշտի։