ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարեց, որ Թուրքիա կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին որդեգրած եւ նախագահին կողմէ ստորագրուած դաշնակցային ամավարկը, որ կը բովանդակէ «Թուրքիոյ դէմ ուղղուած կէտեր եւ կը քանդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները»:
«Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրինագիծերը, որոնք կը վերաբերին 2020ի յատկացումներուն, կը հանդիսանան մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները փճացնելու Քոնկրեսի անդամներուն ջանքերու արդիւնքը: Մենք կը դատապարտենք այս իրավիճակը, երբ նոյնիսկ ամավարկի որդեգրման սովորական հոլովոյթը կը կապուի ամերիկացի քաղաքական գործիչներու կարճաժամկէտ քաղաքական նկրտումներուն հետ», նշեց Աքսոյ: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ հակառակորդները կը փորձեն «ապօրինի կերպով արգելակել «Էֆ. 35» օդանաւերու՝ մեր երկրին մատակարարումը, ինչպէս նաեւ վերցնել Կիպրոսի մէջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած ջանքերը եւ արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները։
Յիշեցնենք, որ օդանաւերուն վաճառքին դէմ արգելքը դրուած էր Ռուսիայէն հակաօդայիններ գնելու Անգարայի որոշումին իբրեւ արդիւնք, իսկ Կիպրոսի հարցով, Քոնկրեսը որոշեց վերցնել կղզիին դէմ պարտադրուած զէնքերու վաճառքին արգելքը։