ԱՆԳԱՐԱ, «Ճազիրա».- Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած լիպիական ազգային բանակը յայտարարեց, որ Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերին, Լիպիոյ ջուրերուն մէջ գրաւեց Կրանատայի դրօշը բարձրացուցած նաւ մը, որուն անձնակազմին անդամները թուրքեր են:
Բանակը տեղեկացուց, որ նաւը տարուեցաւ Ռաս Հիլալ նաւահանգիստը՝ «խուզարկման եւ բեռներու քննութեան համար»:
Յիշեցնենք, որ զօր. Հաֆթարի ղեկավարած բանակի ծովուժի սպայակոյտի պետ Ֆարաժ Մահտաուի յայտարարած էր, որ հրաման ստացած է լիպիական ծովեզերքին մօտեցող որեւէ թրքական նաւ հարուածելու:
Միւս կողմէ, լիպիական փոխանցման կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ապտելհատի Հուէյժ յայտարարեց, որ Լիպիոյ եւ Յունաստանի միջեւ կայ համաձայնութիւն մը՝ «մերժելու Թուրքիոյ եւ Սարաճի կառավարութեան միջեւ կնքուած ապահովութեան յուշագիրը»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ կնքուած համաձայնագիրը, որ Անգարային կ՛արտօնէ զինուորական աջակցութիւն տրամադրել Սարաճի ղեկավարած կառավարութեան:
Միացեալ Նահանգները եւս քննադատեց Թուրքիոյ եւ Սարաճի ղեկավարութեամբ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ կնքուած ծովային գօտիներու սահմանագծման եւ ապահովութեան համաձայնագիրը, զայն նկատելով «ոչ-օգտակար, գրգռիչ եւ մտահոգիչ»:
Ռուսիա նոյնպէս յայտնեց, թէ մեծապէս մտահոգ է Լիպիոյ մէջ թրքական ուժերու տեղակայման վերաբերեալ՝ նշելով, որ Թուրքիոյ հետ կնքուած համաձայնութիւնը Մոսկուայի համար բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ:
Սակայն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Կիրակի օր յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի աւելցնէ Սարաճի կառավարութեան տրամադրուող զինուորական աջակցութիւնը՝ նշելով, որ Անգարա Լիպիոյ հետ իր կնքած յուշագիրէն ետդարձ պիտի չկատարէ: