ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2019 տարեշրջանին, Հայաստանի զինուած ուժերը ձեռք բերած են հակաօդային պաշտպանութեան նորագոյն համակարգեր, ինքնաթիռներ, կործանիչներ, ինչպէս նաեւ համալրուած են հայրենական արտադրութեան սպառազինութեամբ։
Լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին, այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի անդամ Տիգրան Կարապետեան:
«Օրէնսդրական առումով նոյնպէս այս տարի փոփոխութիւններ են եղել. օրինակ, ռազմարդիւնաբերական կոմիտէն բաժանուեց Պաշտպանութեան նախարարութիւնից եւ ընդգրկուեց բարձր տեխնոլոգիական (արհեստագիտութեան-Խմբ.) արդիւնաբերութեան նախարարութեան կազմում: 2019թ. զինուած ուժերը համալրուել են ժամանակակից սպառազինութեամբ, իսկ 2020թ. բանակում նոր համալրումներ են լինելու: 2020ին ռազմական ոլորտի բիւջէն աճ է գրանցել, սակայն դա բաւարար չէ աւելի մեծ յաջողութիւններ գրանցելու համար», նշեց Կարապետեան:
Ըստ անոր՝ 2019ին կնքուած են պայմանագիրներ՝ նախագծային եւ շինարարական աշխատանքներու վերաբերող, որոնց շնորհիւ պատրաստուած են անօդաչու թռչող սարքեր, զրահաբաճկոններ եւ անթել ելեկտրոնային պայքարի միջոցներ: 2020ին համար նոյնպէս կան կնքուած պայմանագիրներ, եւ հայկական ընկերութիւններէն կ՛ակնկալուի աշխոյժ մասնակցութիւն՝ անօդաչու թռչող սարքերու, կապի միջոցներու մշակման եւ արտադրութեան հարցին մէջ:
«Մեզ համար կարեւոր ձեռքբերում էր նաեւ սննդի կազմակերպման նոր մոդելը: Կարծում եմ՝ 2020 թուականին կ՛աւարտուի այդ նախագիծը, եւ բոլոր զօրամասերը կ՛անցնեն սննդի կազմակերպման նոր մոդելի», ըսաւ ան։
Կարապետեան վստահեցուց, որ գալիք տարուան ընթացքին հայկական բանակին մէջ կ՛ակնկալուին սպառազինութեան համալրումներ: