ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դիլիջան քաղաքին եւ յարակից գիւղերուն բնակիչները այլեւս ստիպուած չեն որակեալ բուժում ստանալու համար երթալու Երեւան. արդարեւ, 24 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ վերազինուած եւ վերանորոգուած «Դիլիջան» բժշկական կեդրոնի բացման արարողութիւնը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ:
Բժշկական կեդրոնի տնօրէն Ռուբէն Բաբակեխեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կեդրոնը ամբողջութեամբ օժտուած է լաւագոյն բժշկական մակնիշի սարքաւորումներով:
«Հիմնովին վերանորոգուել է «Դիլիջան» բժշկական կենտրոնը: Հիմնովին, որովհետեւ շէնքը շատ հին էր, մաշուած: Վերազինուել է լաւագոյն բժշկական բրենդի (ապրանքանիշով-Խմբ.) սարքաւորումներով: Ինչպէս որ խոստացել էինք՝ դիլիջանցիները պէտք է իրենց բուժումը ստանան Դիլիջանում: Մենք Ամանորի նախաշեմին գեղեցիկ անակնկալ ենք մատուցում Դիլիջանի բնակիչներին: Ամէն ինչ արել ենք, որպէսզի Երեւան գնալու անհրաժեշտութիւն չլինի», շեշտեց տնօրէնը:
Ըստ անոր՝ բժշկական կեդրոնէն ոչ շատ հեռու կարելի է նաեւ շտապ օգնութեան յատուկ ուղղաթիռի յարմարութիւն ստեղծել, ինչպէս եղած է նախապէս։
Ներդրումային ծրագիրը իրականացուցած է Յարութիւն Քուշկեան՝ առաւել քան 2.4 միլիոն տոլար ներդրելով։ Դիլիջանի բժշկական կեդրոնը կը սպասարկէ Դիլիջանի եւ յարակից 6 համայնքներու աւելի քան 20-25 բնակիչներու։ Անիկա ունի 175 աշխատակիցներ, որոնցմէ 30ը՝ բժիշկներ։ Անհրաժեշտութեան պարագային Երեւանէն կ՛ապահովուին 35 բժիշկներու պարբերական այցելութիւնները: